Հայաստանի Քննչական կոմիտէն մէկ ամսուան ընթացքին աւարտած է ընդդիմադիրներու քրէական գործի քննութիւնը՝ 14 ցուցարարներ մեղադրելով խուլիգանութեան ու զանգուածային անկարգութեան համար։ Սակայն ո՛չ մէկ ոստիկան մեղադրուած է իր բռնարարքներուն համար։
Ինչպէս ծանօթ է, Յունիս 12-ին վարչապետի հրաժարականը պահանջող ընդդիմադիրներու հաւաքը ոստիկանութիւնը ցրած էր յատուկ միջոցներու (արգիլուած զէնք) եւ ուժի կիրարկումով, որոնց հետեւանքով ալ աւելի քան 100 ցուցարար վիրաւորուած էր եւ անոնցմէ 57-ը, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, ստացած էին բեկորային վնասուածք։
Յունիս 12-ի հանրահաւաքէն քանի մը ժամ յետոյ իշխանութիւնները արդարացուցին ոստիկանական բռնի գործողութիւնները, պատճառաբանելով որ ան կանխեց երկրորդ «Հոկտեմբեր 27» մը, այլ խօսքով Խորհրդարանի գրաւումը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։