COP 29 համաժողովին ընդառաջ Ազերպայճանի ընդդիմութեան առաջնորդներէն Ալի Քերիմլի կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչպէս համաշխարհային առաջնորդները պիտի հաւաքուին եւ կլիմայի հարցեր քննարկեն երկրի մը մէջ, ուր շուրջ 300 քաղաքական բանտարկեալ կայ, այլախոհութիւնը կը ճնշուի ամէնէն կոշտ մեթոտներով, իրաւունք գոյութիւն չունի, ընտրութիւններու արդիւնքները կանխորոշուած են:
ՄԱԿ-ի միջազգային համաժողովը կը կազմակերպուի վարչակազմի մը կողմէ, որ իր սեփական երկրին մէջ բնապահական աղէտի դէմ բողոքները կը ճնշէ ոստիկանական մահակներով, ձերբակալութիւններով, նոյնիսկ՝ ընդդիմացողներու մեկուսացումով։
Ազերպայճանի գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլի հաւաքի մասնակիցներէն կը պահանջէ բնապահական խնդիրներուն զուգահեռ ազերպայճանցի հարիւրաւոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը արծարծել։ Քաղաքական գործիչը, որուն բազմաթիւ համախոհները եւս ճաղերու ետին կը գտնուին, կը փորձէ արտասահմանցի հիւրերուն իր երկրի իրական պատկերը ցոյց տալ։
“Այս երկրին մէջ չեն խնայեր նոյնիսկ առաջին կարգի հաշմանդամին․ երիտասարդ, թէ ծեր, ուսեալ, թէ անգրագէտ՝ բոլորը կ՚ենթարկուին բռնութեան, մարդիկ չունին խօսքի, հաւաքներու ազատութիւն, ձայնի իրաւունք, այսինքն բոլոր այն իրաւունքները, որոնց համար Եւրոպա պայքարած է 18-19-րդ դարերուն, Ազերպայճանի մէջ գոյութիւն չունին։ Հետեւաբար ազերպայճանցիներու համար տարօրինակ է, որ բնապահ գործիչները, համաշխարհային առաջնորդները կը ժամանեն Ազերպայճան՝ քննարկելու կլիմային առնչուող հարցեր, կարծէք ոչինչ տեղի ունեցած է, կարծէք երեք հարիւր քաղաքական բանտարկեալ չկայ եւ բոլորը ազատութիւն ունին։ Դէ՛, թող հաւաքուին, յարմարաւէտ տեղաւորուին եւ խօսին շրջակայ միջավայրի մը մասին երկրի մը մէջ, ուր ընտրութիւններ տեղի չեն ունենար, քուէարկութեան արդիւնքներն ալ կանխորոշուած են”,– նշած է ընդդիմադիր «Ժողովրդական ճակատ»-ի առաջնորդը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։