Search
Close this search box.

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը սպառնայ Հայաստանին…

Յուլիս 25-ին, Ազեր­պայճա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ նշուած է, թէ «Հա­յաս­տան ու իր հո­վանա­վոր­նե­րը պէտք է զերծ մնան նոր պա­տերազ­մի օճախ ստեղ­ծե­լու մտադ­րութե­նէն»։

Պնդե­լով, որ վեր­ջին շրջա­նին հայ­կա­կան ու­ժե­րը իբ­րեւ թէ ծանր զի­նատե­սակ­նե­րով կրակ բա­ցած են Քել­բա­ջարի շրջա­նին մէջ եւ անօ­դաչու սար­քեր գոր­ծա­ծած՝ Թո­վու­զի ուղղու­թեամբ, ազեր­պայճա­նական ռազ­մա­կան գե­րատես­չութիւ­նը ըսած է. «Եթէ այդպի­սի գրգռիչ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը չդադ­րին, ապա ինքնա­պաշտպա­նու­թեան նպա­տակով Ազեր­պայճա­նի Զի­նուած ու­ժե­րու զի­նանո­ցին մէջ գտնուող բո­լոր մի­ջոց­նե­րով հա­մապա­տաս­խան քայ­լեու պի­տի ձեռ­նարկուի»։

Ազեր­պայճա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը նաեւ քննա­դատած է արեւմտեան պե­տու­թիւննե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի հետ ռազ­մա­կան հա­մագոր­ծակցու­թիւնը ամ­րապնդել­նուն հա­մար։

«Միացեալ Նա­հանգնե­րու կող­մէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­թա­ցած ռազ­մա­փոր­ձե­րը, Ֆրան­սա­յի կող­մէ Հա­յաս­տա­նին մա­հաբեր զէն­քե­րու տրա­մադ­րումը ու ԵՄ-ի կող­մէ՝ Խա­ղաղու­թեան եւ­րո­պական հիմ­նադրա­մի քօ­ղին տակ Երե­ւանին 10 մի­լիոն եւ­րո­յի ռազ­մա­կան օգ­նութեան յատ­կա­ցու­մը, կ՚ոգեշնչեն բռնագ­րա­ւող Հա­յաս­տա­նը, որ նոր գրգռու­թիւննե­րու դի­մէ եւ Ազեր­պայճա­նի դէմ յա­ջոր­դա­կան պա­տերազ­մի նա­խապատ­րաստուի»,– ընդգծուած է Պա­քուի հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ։

Հայաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը ան­մի­ջապէս հա­կազ­դած է՝ նշե­լով, թէ «կա­ցու­թիւնը հրահ­րե­լու մի­տող հռե­տորա­բանու­թեան մէջ Հա­յաս­տա­նը նե­րքաշե­լու փոր­ձե­րը ան­հասկնա­լի են։ Կա­ռավա­րու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ հա­ւատա­րիմ մնալ խա­ղաղու­թեան օրա­կար­գին եւ պի­տի չշե­ղի այդ ռազ­մա­վարու­թենէն»։