Յուլիս 24-ին, իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան միջազգային լրագրողներուն ներկայացուցած է Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային բնակավայրերու մէջ ազերպայճանական ոճրային արարքներուն ապացոյցները, հայերու նկատմամբ Պաքուի վարած ցեղապաշտ, հայատեաց, հայկական ինքնութեան ոչնչացման պետական քաղաքականութիւնը: Լուրը կը հաղորդէ «Թաթոյեան» հիմնադրամը։
Ան ընգծած է, թէ ազերպայճանական զինեալները կոպտօրէն կը խախտեն Հայաստանի սահմանային բնակիչներուն իրաւունքները, այդ պատճառով ալ վերջիններս զրկուած են բնականոն ու անվտանգ կեանքէ:
Եւ այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ Ազերպայճանի իշխանութեան հովանաւորութեամբ։
«Քանի տակաւին այդ երկիրը չէ պատժուած պիտի շարունակէ իր վարած քաղաքականութիւնը` շարունակաբար խաթարելով Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները»,– մատնանշած է ան։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։