Յուլիս 24-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանի թամանեանական փոքր դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է ուշագրաւ հանրային դասախօսութիւն՝ նուիրուած պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան 100-ամեակին։
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցած է գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան եւ ներկայացուցած Զահրատի կեանքի եւ ստեղծագործութեան ուղին, ընդգծելով անոր գրական ժառանգութիւնը եւ հայ գրականութեան մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը։
“Զահրատ վերացական, կեանքէն կտրուած բանաստեղծ մը չէ։ Ան ամէնէն պարզ իրերու մէջ կը տեսնէ խորհուրդ, սովորական իրականութեան մէջ՝ բանաստեղծութիւն։ Ան իրապէս յայտնաբերած է մեր գրականութեան մէջ նոր կարելիութիւններ”,– յայտնած է Տէր-Խաչատրեան։
Նշենք, թէ Ազգային գրադարանին մէջ ներկայացուած է Զահրատի ստեղծագործութիւններու, անոր մասին գրականութեան եւ հրատարակութիւններու ցուցադրութիւն։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։