Search
Close this search box.

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ – Պատարագ մատուցուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ի Նոր Երուսաղէմ

Հաղորդագրութիւն

«1949 թուակա­նէն ի վեր սո­վորու­թիւն դար­ձած է Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի նշխար­նե­րու գիւ­տի տօ­նին յա­ջորդ օրը՝ Կի­րակի առա­ւօտեան, պա­տարագ մա­տու­ցել Արեւմտեան՝ Նոր Երու­սա­ղէմի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

2024 Յու­լիս 21-ին, առա­ւօտեան ժա­մը 7-ին, Սուրբ Հրեշ­տա­կապե­տաց եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տարուեցաւ առա­ւօտեան ժա­մեր­գութիւն, ապա ժա­մը 9.30-ին, հան­դի­սապե­տու­թեամբ Սուրբ Աթո­ռոյս գա­հակալ՝ Նո­րին ամե­նապատ­ւութիւն Տ. Նուրհան ար­քե­պիս­կո­պոս Մա­նու­կեան պատ­րիարք սրբա­զան հօր, Սրբոց Յա­կոբեանց միաբա­նու­թիւնը ինքնա­շար­ժե­րով մեկ­նե­ցաւ Նոր Երու­սա­ղէմ գտնուող Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեցի, ուր մա­տու­ցուեցաւ սուրբ պա­տարագ։

Պա­տարա­գեց Հո­գեշ­նորհ Տ. Աղան վար­դա­պետ Գոգ­չեան։

Եկե­ղեցին կա­ռու­ցած են 1878 թուակա­նին գեր­մա­նացի բո­ղոքա­կան տա­ճարակ­նե­րը Գեր­մա­նական հա­մայնքի տա­րած­քին մէջ (German Colony)՝ հա­մայ­նա­կան հա­ւաքոյթնե­րու հա­մար, որ­պէս Հա­մայնքի տուն։ 1949 թուակա­նին Կիւ­րեղ Իս­րա­յէլեան պատ­րիար­քի օրօք վե­րածուած է հայ­կա­կան եկե­ղեցիի եւ կը կրէ մեր հա­ւատ­քի հօր՝ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի անու­նը։

2024 թուակա­նին, եկե­ղեց­ւոյ տե­սուչ՝ Հո­գեշ­նորհ Տ. Ներ­սեհ վար­դա­պետ Ալո­յեանի ջան­քե­րով բա­րեզար­դուեցան Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ պա­տերը՝ 18 սրբա­պատ­կերնե­րով, փո­խուե­ցան խո­րանի պատ­կերն ու եկե­ղեց­ւոյ երեք դռնե­րը, ինչպէս նաեւ ներ­կուեցան դա­սերու ճա­ղերը։

Եկե­ղեց­ւոյ մաք­րութեան հա­մար խո­րապէս շնոր­հա­կալ ենք Հա­յաս­տա­նէն ուխտա­ւորա­բար Սուրբ Եր­կիր գտնուող Օրիորդ՝ Այ­տա Ալո­յեանին, Ելե­նա Մու­րա­տեանին եւ Ան­նա Բար­սե­ղեանին։ Թող Աս­տուած ըն­դունէ Ձեր ուխտը»։ ■