Search
Close this search box.

Փարիզի Ողիմպիականներու փառաւոր եւ պերճաշուք բացումը

Ուրբաթ, Յուլիս 26-ին Փարիզի մէջ աննախադէպ շուքով տեղի ունեցաւ 33-րդ Ողիմպիական խաղերու բացումը, առանցքային բնաբան ունենալով Սէն գետը։ 

Ի տարբերութիւն նախորդ Խաղերուն, որոնց բացումը միշտ տեղի ունեցած է  մարզադաշտի մը մէջ, Փարիզ ընտրած էր բացօթեայ արարողութեան մը տարբերակը, ամբողջ Սէն գետի երկայնքին, աւարտելու համար՝ Թիւիլըրիի պարտէզին մէջ նոյնքան իւրայատուկ բոցի արծարծումով մը։

206 երկիրներու պատուիրակութիւնները,– ի շարս որոնց Հայաստանի համեստ պատուիրակութիւնը,– իրենց դրօշներով տողանցեցին 65 նաւերու կամ տափանաւերու վրայ Լոյս քաղաքը խորհրդանշող գետի երկայնքին։ 

Այս արարողութեան անկոչ եւ անբաղձալի հիւրն էր… օրերու երկայնքին տիրած ամառնային գեղեցիկ եղանակէն ետք յանկարծ իր քիթը ցցած յորդառատ անձրեւը, որ գրեթէ ծայրէ-ծայրէ ներկայ եղաւ հանդիսութեան։ Բարեբախտաբար, ամէն ինչ շատ լաւ նախատեսուած ու կազմակերպուած ըլլալով՝ այնքան ալ զգալի չեղան անոր կանխատեսելի եւ անկանխատեսելի հետեւանքները ու ամէն ինչ ընթացաւ,– գոնէ երեւութապէս,– կարգին, բացի բոլոր մարզիկներուն, արուեստագէտներուն, հիւրերուն, հանդիսատես բազմութեան խխում ըլլալէն։ Խնդիր էր մա՛նաւանդ մարզիկներուն համար, որոնք իրաւունք չունէին հիւանդանալու, քանի որ Խաղերը կը սկսէին յաջորդ օրն իսկ (ի դէպ, որոշ մարզաձեւերու մրցաշարքերը ժամանակի պարտադրանքով՝  արդէն սկսած էին այս բացումէն ալ առաջ)։ 

Հրավառութիւն, գոյնզգոյն լոյսերու խաղեր, Փարիզի յուշարձաններու, խորհրդանիշերու գեղեցիկ ներկայացում, Սէնի վրայ քառասմբակ սլացող իր արծաթեայ ձիով՝ ողիմպիական դրօշը կրող «արծաթեայ ասպետ», Ֆրանսայի պատմութիւնը կերտած շարք մը մեծերու՝ պատուանդաններու մէջէն յամրօրէն խոյացող արձաններ, Էյֆելեան աշտարակի՝ աննախադէպ, աներեւակայելի, երազային լուսաւորում (միայն սեփական աչքերով տեսնելով կարելի է դատել գործադրուած լուսաւորման արուեստին տարողութիւնը, այն աստիճան որ՝ աշտարակին այնքան առինքնող սովորական պլպլացումն իսկ՝ աւարտին կը թուէր անշուք)… եւ դեռ ինչե՜ր…։ Եւ այս ամբողջը աշխարհահռչակ նշանաւոր երգիչներու՝ մէջ ընդ մէջ ելոյթներով (օգտագործմամբ նաեւ Ազնաւուրի ծանօթ մեղադիներուն), Սէնի ջուրերուն ծփացող լաստերու վրայ անդադար պարողներով, գետին երկու ափերը ագուցող կամուրջներուն վրայ զանազան բեմագրութիւններով…։ 

Աւելի քան երեք ժամ տեւած անզուգական այս արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Էյֆելեան աշտարակի հայեացքին տակ՝ Թրոքատերոյի բացատին վրայ տեղի ունեցած՝ երկու ֆրանսացի մարզիկի ողիմպիական երդման եւ ելոյթներու բաժնով, ուր խօսք առին այս Խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Թոնի Էսթանկէ եւ Ողիմպիական միջազգային յանձնախումբի նախագահ Թոմաս Պախ, որոնցմէ ետք ալ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն բացուած յայտարարեց նոր ժամանակներու 33-րդ Ողիմպիական խաղերը։ 

Այս յայտարարութեան յաջորդեց Ողիմպիական բոցի արծարծման հանդիսաւոր եւ շատ տպաւորիչ եզրափակիչ բաժինը։ Մարզական աշխարհին մէջ պատմութիւն կերտած խորհրդանշական  անուններ,– ինչպէս օրինակ՝ Զինետին Զիտան, Ռաֆայէլ Նատալ, Սերենա Ուիլիըմս, Նատիա Գոմանեչի, Թոնի Փարքըր…– ողիմպիական ջահը ձեռքէ-ձեռք անցընելով հասցուցին մինչեւ ֆրանսացի աշխարհահռչակ երկու մարզիկներու՝ վազորդ Մարի-Ժոզէ Փերէքին եւ ժիւտոյի աննման վարպետ Թետի Ռիներին (երկուքն ալ Ողիմպիականներու եռակի ախոյեան), որոնք անցնելով Լուվրէն՝ հասան կողքի Թիւիլըրիի պարտէզը, ուր մեծկակ օդապարիկ մը իրենց կը սպասէր։ Անոնք իրենց ձեռքի ջահով«բոցավառեցին» օդապարիկին 7 մեթր տրամագիծով խարիսխը. այսպէս, խորհրդանշական կրակը օդապարիկով՝  դանդաղօրէն վաթսուն մեթր բարձրացաւ երկինք,  ուրկէ ողիմպիական ոգիին վրայ պիտի հսկէ Խաղերու երկայնքին՝ ամբողջ 15 օր…։ (Հոս փակագծի մէջ նշենք, որ այս Խաղերու «բոց»-ն ալ իւրայատուկ է։ Իրականութեան մէջ աչքի խաբկանքով բոցի նման երեւցողը իսկական կրակ չէ. Օդապարիկին խարիսխը օժտուած է շոգի արտադրող սարքերով ու յատուկ ելեկտրական լամբերով. բարձրացող շոգիին այնքան ճարտար լուսաւորումը մեզի այն տպաւորութիւնը կը պատճառէ, թէ ան կը բոցավառի)։

Այս ընթացքին, Էյֆելի կատարէն կը հնչէր Էտիթ Փիաֆի «Սիրոյ փառերգ»-ը («Hymne а l’amour»), զոր կ՚երգէր համաշխարհային մասշտաբով մերօրեայ ամէնէն ժողովրդական երգչուհին՝ Սելին Տիոն, որ առողջական պատճառներով չորս տարի է հեռու կը մնար բեմերէն՝ խոր տխրութեան մատնելով իր երկրպագուները. ան այս առիթով կը կատարէր իր «մեծ վերադարձ»-ը, խորապէս յուզելով ոչ միայն վերջիններս, այլ բոլորը, իր բացառիկ կատարումով։ Եւ ի զուր չէր որ ընտրուած էր Փիաֆի «Սիրոյ փառերգ»-ը, քանի որ արարողութեան ընթացքին բազմիցս նշուեցաւ թէ Փարիզ ծանօթ է նաեւ որպէս սիրոյ քաղաք եւ յոյս յայտնուեցաւ որ այս Խաղերը թերեւս ներշնչեն քիչ մը սէր ու աշխարհի վրայ տիրող համատարած բռնութիւնն ալ գէթ պճեղ մը նուազի։    

Այո՛, անկասկած, մէկ խօսքով՝  փառաւոր, պերճաշուք ու աննման էր այս արարողութիւնը։ Մնացեալը, բնականաբար, իւրաքանչիւրին ճաշակին պատշաճելու հարց է նաեւ։ 

***

Բացման արարութեան ներկայ եղան Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան։

***

Ազերպայճան վիրաւորուած է ֆրանսացի լրագրողին՝ Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի եւ Արցախի մասին խօսքերուն պատճառով

Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան, մարզիկներու՝ նաւերու վրայ տողանցքի ընթացքին երբ կարգը հասաւ Հայաստանի պատուիրակութեան, ֆրանսացի նշանաւոր լրագրող, Ֆրանս 2-ի հաղորդավար Լոռան  Տըլահուս ըսաւ. «Հայաստա՛ն,– անշուշտ մեր բարեկամ հայերը,– երկիր մը, որ միշտ մօտիկ եղած է ֆրանսացիներու սրտին։ Անկասկած՝ տարի մը որ հայերու համար յատկանշուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի անկումով՝ ազերպայճանական բանակին ձեռքը»։ 

Այս խօսքերէն վիրաւորուած Ազերպայճան բողոք պիտի ներկայացնէ  միջազգային Ողիմպիական յանձնախումբին։

Ազերպայճանի կողմէ ձեռնարկուած անհեթեթ քայլերու շարքէն այս վերջինին մասին կը հաղորդեն ազերպայճանական լրասփիւռները։

***

«Կարեւորը մասնակցիլն է»

Այս Խաղերուն, հայ մարզիկներու մեկնարկը դժբախտաբար այնքան ալ յաջող չեղաւ։ Մինչդեռ, հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեան ճնշուած օդով 10 մեթր հեռաւորութենէ նշանառութեան մրցաշարքին հասաւ մինչեւ աւարտական փուլի շեմը, բայց չյաջողեցաւ որակուիլ։

Լուղորդ Վարսենիկ Մանուչարեան ալ դուրս մնաց 100 մեթր ազատ ոճի լողի մրցաշարքէն, որակման մրցումներէն իսկ։

 Բայց ինչպէս սովորութիւն է ըսել՝ «Կարեւորը մասնակցիլն է», յուսալով որ յառաջիկայ օրերուն աւելի բարեբաստիկ լուրեր հաղորդելու առիթը կ՚ունենանք։