Կազայի պաղեստինցիներուն վրայ Իսրայէլի գործած ցեղասպանական յարձակումները պիտի խաթարե՞ն թուրք եւ ազերական «մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն» ռազմավարական դաշինքը։ Յուլիս 28-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնը, թէ «թրքական ուժերը կրնան մտնել Իսրայէլ՝ օգնելու համար պաղեստինցիներուն, ինչպէս որ մտան Լիպիա եւ Լեռնային Ղարաբաղ», Ազերպայճանի կողմէ խիստ հակազդեցութեան արժանացած է, Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցչի մը բերնով. «Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնման միտող ռազմական գործողութիւններու մէջ որեւէ երկրի զինեալ ուժերու մասնակցութեան մասին յայտարարութիւնները անհիմն են… 44-օրեայ պատերազմին Թուրքիա եւ Փաքիստան քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերած են Ազերպայճանին»։
Իսրայէլ, Լիպիա չէ, ոչ ալ Լեռնային Ղարաբաղ, անոր ռազմական կարողութիւնը եւ միջազգային դաշնակիցները բնականաբար տասն անգամ մտածել կու տան Թուրքիոյ բանակի հրամանատարութիւնը, նախքան որեւէ զինեալ գործողութեան դիմելը։ Կայ նաեւ 2010-ի «Մաւի Մարմարա» նաւու նախադէպը, երբ Թուրքիա ուզած էր Կազայի շրջափակումը վերացնել, մարդասիրական օգնութիւն հասցնելով պաղեստինցիներուն, սակայն հանդիպած էր Իսրայէլի բանակի յատուկջոկատայիններու յարձակումին, որուն զոհ գացած էին 10 թուրք մասնակիցներ եւ բազմաթիւ անձեր վիրաւորուած էին։ Այս դիպուածը բնականաբար չէր կրնար անտեսուիլ Թուրքիոյ կողմէ։ Էրտողանի յայտարարութիւնը պարբերական ամբոխավարական յայտարարութիւն է, ուղղուած Թուրքիոյ ներքին լսարանին։ Սակայն ինչ որ անակնկալ է սոյն դիպաշարին մէջ՝ Ազերպայճանի հակազդեցութիւնն է. Էրտողանի այս խօսքերը խոցած ըլլալով Ալիեւի ազգային արժանապատւութիւնը՝ անոնք արժանացած են խիստ հակազդեցութեան՝ հակառակ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական, ռազմական գործընկերութեան ու եղբայրական սերտ բարեկամութեան։
2009-ի արձանագրութիւններէն ի վեր, տարիներու երկայնքին Թուրքիա-Ազերպայճան յարաբերութիւնները զարգացման յարաճուն ընթացք ունեցած են, մինչեւ Ազերպայճանի կողմէ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի սանձազերծումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Թուրքիա, Իսրայէլ եւ այլ երկիրներ, որմէ ետք, 2021-ի Յունիսին ստորագրուեցաւ Շուշիի թուրք-ազերական համագործակցութեան հռչակագիրը, ուր Ալիեւ յատուկ կերպով ընդգծած էր՝ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտը եւ պատմական մեծ նուաճում անուանած՝ փոխադարձ ռազմական օգնութիւնը, յիշելով մասնաւորապէս «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, որ «հնարաւոր դարձած» էր ղարաբաղեան պատերազմէն յետոյ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակին «շնորհիւ»։
«Զանգեզուր»-ի միջանցքի բացումի պահանջը դեռ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի քաղաքական օրակարգի նիւթ է։ ԱՄՆ-ու յորդորով, Անգարա ընդունած էր սկսիլ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումին համար երկու երկիրներու միջեւ բանակցութիւններ. նշանակուած էին յատուկ բանագնացներ՝ Ռ. Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ, որոնց 5-րդ հանդիպումը նախատեսուած էր զարմանալի զուգադիպութեամբ, Յուլիս 30-ին։ Թուրքիա Հայաստանի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզած էր 1993-ին, հակազդելով՝ Արցախի պատերազմին հայկական ուժերու յառաջխաղացումին։ Որքանո՞վ ներկայ իրավիճակը կրնայ փոխուիլ, Իսրայէլ-Թուրքիա-Ազերպայճան-Իրան շրջանային քաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ։ Անակնկալները չեն պակսիր։ Ազերպայճան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու վատթարացումը զգալի է եւ Ազէրպայճան-Ռուսաստան մերձեցումը շօշափելի։ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը դեռ որքա՞ն ժամանակ կրնայ Թուրքիոյ համար Ազերպայճանի հանդէպ «եղբայրական հաւատարմութեան» երաշխիք հանդիսանալ։ Մինչ այդ, Սիւնիքէն անցնող արեւելք-արեւմուտք ճանապարհը կը հետաքրքրէ ԱՄՆ-ն, Հայաստանի ինքնիշխանութեան պայմաններուն մէջ։ Իսկ արեւելք-արեւմուտք ճանապարհի գաղափարին բոլորովին դէմ է Իրան, քանի որ ան պիտի փոխարինէ Իրանի միջոցով Ազերպայճան-Նախիջեւան հաղորդակցութիւնը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։