Search
Close this search box.

«ԼՂ գաղթականներու իրաւապաշտպան միութիւն»-ը ԻՒՆԷՍՔՕ-ին կոչ յղած է ապահովելու Արցախի բազմադարեայ հայկական մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը

«Լեռնային Ղարաբաղի գաղթականներու իրաւապաշտպան միութիւն»-ը Յուլիս 29 թուակիր նամակով մը կոչ յղած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր տնօրէն Օտրէ Ազուլէին՝ հաւատարիմ մնալու Կազմակերպութեան առաքելութեան եւ իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ ապահովելու Արցախի բազմադարեայ հայկական մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը։

Միութիւնը՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ուշադրութիւնը հրաւիրած է 2020-2023 թթ․ պատերազմներու և արցախահայութեան ցեղային զտումէն ետք Արցախի հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան կացութեան վրայ՝ Ազերպայճանի կողմէ հայկական եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու քանդումին, պղծումին, իւրացման անժխտելի փաստերուն, հայկական գերեզմանատուներու նկատմամբ իրականացուող «շինարարական» վանդալական արարքներուն, ազգային-պատմական կառոյցներու աւերումին եւ այն բոլոր յանցանքներուն, զորս մէկ բառով կարելի է բնորոշել իբրեւ մշակութային ցեղասպանութիւն։

«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ հայկական պատմական-մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը կարելի է լաւագոյնս ապահովել միայն այդ ժառանգութեան տէրերուն՝ արցախահայութեան, միջազգայնօրէն երաշխաւորուած վերադարձի պարագային»,– մասնաւորապէս նշուած է նամակին մէջ: