Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, թէ «Թուրքիա կրնայ բանալ Հայաստանի հետ սահմանը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն ետք»։
Թուրք դիւանագէտին կարծիքով՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Այս առումով թրքական կողմը դրական արդիւնքի պարագային պէտք է պատրաստէ իր սեփական «բեմագրութիւնը» եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին։
“Եթէ կարգաւորման հոլովոյթը աւարտի, մենք կ՚աշխուժացնենք դրական «բեմագրութիւնը», այսինքն՝ կրնանք բանալ մեր սահմանային դարպասները”,– Sabah թերթին ըսած է թուրք նախարարը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։