«Ասպարէզ» – Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Յուլիս 30-ին Պայտընի վարչակազմին տուաւ «F» գնահատականը՝ 2023-ին Ազերպայճանը՝ Արցախի հայերու ցեղասպանութեան ընթացքին զինելուն, աջակցելուն եւ քաջալերելուն համար։
«Հայ դատի յանձնախումբը դժգոհ է Պայտըն-Հարիս վարչակազմէն. անոնք անընդհատ մերժեցին ձեռնարկել լուրջ գործողութիւններու՝ Ազերպայճանը պատասխանատւութեան ենթարկելու արցախահայութեան նկատմամբ իր ցեղասպանական յարձակման համար: Անցեալ տարի, Պայտընի լռութիւնը Արցախի հայերուն վերադարձի իրաւունքին նկատմամբ եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) անյապաղ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն չտրամադրելը աւելի քան 120.000 հայ տեղահանուածներուն, որոնք հարկադրուեցան հեռանալ իրենց տուներէն։ 2020-ի Արցախի պատերազմի ընթացքին Պայտըն-Հարիս ընտրարշաւը մեծ խոստումներ կատարեց ամերիկահայ համայնքին՝ յանձն առնելով արգիլել Ազերպայճանին՝ Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը։
Միայն ամիսներ ետք, Պայտընի վարչակազմը հրաժարեցաւ այդ պարտաւորութենէն եւ դաւաճանութեան կոպիտ արարքով յայտարարեց Ազերպայճանի ապահովութեան աջակցելու վերահաստատման մասին՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն նախորդ օրն իսկ: 2022-ին, Պայտըն-Հարիս վարչակազմը դարձեալ թոյլատրեց ռազմական օգնութիւնը, նոյնիսկ՝ Ազերպայճանի գործած եւ լայնօրէն փաստագրուած մարդկային իրաւանց խախտումներու եւ այդ երկրին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք ներխուժման պայմաններուն տակ:
Հարաւային Կովկասի մէջ արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւնը կարելի է միայն հաշուետուողականութեան միջոցով: Ազերպայճանի գործած Արցախի ցեղային զտումներուն նկատմամբ դիրքորոշում չունենալը, ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիները ազատ չարձակելը եւ արցախահայութեան վերադարձի միջազգայնօրէն երաշխաւորուած իրաւունքը չապահովելը ոչ միայն կը խրախուսէ Պաքուի ցեղասպանական ձգտումները, այլեւ վտանգաւոր ազդանշան կ՚ուղարկէ այլ չարաշահող վարչակարգերուն»,– մասնաւորապէս նշուած է Հայ դատի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Մեր կողմէ աւելցնենք թէ «F» գնահատականը թուանշային համակարգով կը համապատասխանէ 3-էն 4,9 միջակայքին (intervalle), այլ խօսքով՝ «անբաւարար / ձախողութիւն» կը նշանակէ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։