2024 Օգոստոս 1-ին, Հայաստանի դեսպան Բորիս Սահակեան հանդիպում ունեցած է հայկական եկեղեցիները աղուանական ներկայացնող Վատիկանի “L’Osservatore Romano” պաշտօնաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Անտրէա Մոնտայի հետ:
Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած եւ ընդգծուած է քրիստոնէական ժառանգութեան մաս կազմող հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու եւ անոնց սպառնացող վտանգներու մասին հանրութիւնը տեղեակ պահելու ուղղութեամբ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Այս առումով յատկապէս մատնանշուած է՝ մշակութային ժառանգութեան եւ պաշտամունքի վայրերու ինքնութիւնը չխեղաթիւրելու պատմական փաստերը, որոնք անհերքելի են եւ ճանչցուած՝ միջազգային ու գիտական աշխարհի հանրութեան կողմէ:
Յիշեցնենք, թէ Վատիկանի «L’Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը վերջերս հրատարակած է յօդուած մը՝ «A Khudavang, Ganjasar e Khatiravang Monasteri tra le nuvole» («Խուդավանքը, Խաթրավանքը եւ Գանձասարի վանքը՝ ամպերու մէջ») վերնագրով, ուր հայկական ժառանգութեան կարեւորագոյն յուշարձանները՝ Դադիվանքը, Գանձասարը եւ Խաթրավանքը կը ներկայացուին իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն։ Նիւթին հեղինակ Ռոսելլա Ֆապիանի գրութեան մէջ կը խօսի Ազերպայճան կատարած իր այցելութիւններուն մասին, նշելով թէ գացած է «Garabagh» (ընդգծումը՝ յօդուածէն), եւ ծանօթացած՝ «աղուանական ժառանգութեան» նշանաւոր վանքերուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։