Abzas Media ազերպայճանական անկախ լրասփիւռի խմբագիր Ուլվի Հասանլի ահազանգ հնչեցուցած է ազերպայճանական բանտերու մէջ գործադրուող խոշտանգումներու, կտտանքներու մասին։
Բանտէն ուղարկած նամակին մէջ լրագրողը մանրամասնութիւններ պատմած է բանտարկեալներու նկատմամբ ֆիզիքական բռնութիւններու, դաժան վերաբերումի մասին՝ պնդելով, որ բազմիցս դիմած է բանտային հիմնարկին, Մարդկային իրաւանց պաշտպանին, սակայն՝ անօգուտ։
«Սկիզբը միայն խոշտանգումներու ձայներ կը լսէի՝ ապտակներ, կիցերու ձայներ, հայհոյանքներ, վիրաւորանքներ: Յետոյ ես իմ աչքով տեսայ անմարդկային վերաբերումի եւ չարչարանքներու դէպքեր՝ ծեծ (դէմքի եւ մարմինի ծանր վնասուածքներ), ձեռնաշղթաներով բանտարկեալի կախում՝ երկաթէ ձողերով միջնորմներէ. բացի ատկէ, կալանաւորը կը ստիպեն քնանալու կրախիճէ յատակին՝ մէկ ձեռքը շղթաներով կապած ոտքին՝ մահճակալի վերը, իսկ միւսը ոտքին՝ մահճակալի վարի մասը։ Գիշերը 12 ժամ բանտարկեալը գլխիվար կը կախեն, ձեռքերն ու ոտքերը երկաթեայ ձողերուն կը կապեն եւ ձողերով ու մահակով կը հարուածեն»,- Meydan TV-ի հրապարակած նամակին մէջ գրած է անցնող Նոյեմբերէն ի վեր բանտարկուած Հասանլի։
Լրագրողը բանտային պաշտօնեաներու անուններ թուարկած է, որոնք կը մասնակցին բանտարկեալներու խոշտանգումներուն։
Ազերպայճանի բանտային հիմնարկէն «Թուրան» գործակալութեան հաղորդած են, թէ լրագրողին պատմածները իրականութեան չեն համապատասխաներ եւ իրենք «բանտարկեալներէն կամ անոնց փաստաբաններէն նման բողոքներ չեն ստացած»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։