Search
Close this search box.

ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ – Ծանրաբարձ Վարազդատ Լալայեան եւս նուաճեց արծաթեայ մետալ, Հայաստանի՝ երրորդը

Փարիզի Ողիմպիական ամառնային խաղերուն, հայկական հաւաքականի անդամ ծանրաբարձ Վարազդատ Լալայեան (+102 քկ.) Հայաստանին ապահովեց 3-րդ արծաթեայ մետալը, ընդհանուր հաշուով՝ չորրորդը։

Համաշխարհային կրկնակի փոխախոյեան, Եւրոպայի ներկայի ախոյեան Լալայեան բարձրացնելով ընդամէնը 467 քկ. (215 քկ.՝ պոկում + 252 քկ.՝ ուսամբարձ-նետում) գրաւեց երկրորդ տեղը եւ արժանացաւ արծաթեայ մետալի, վրացի Լաշա Թալախածէի ետին, որ ընդամէնը 470 քկ. բարձրացնելով տիրացաւ ոսկէ մետալի։ 

Երրորդ տեղը գրաւողն ալ հայ մըն է՝ Գոր Մինասեանը, որ սակայն անցեալին Հայաստանի դրօշին ներքեւ ողիմպիական փոխախոյեան դարձած ըլլալով հանդերձ, ներկայիս հանդէս կու գայ Պահրեյնի դրօշին ներքեւ։

***

Օգոստոս 11-ին վերջ գտան Փարիզի Ողիմպիական ամառնային խաղերը։ Հայաստանի հաւաքականը 3 արծաթեայ եւ մէկ պրոնզեայ մետալով՝ ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց 66-րդ տեղը։

Առաջին տեղը գրաւեց ԱՄՆ՝ 40 ոսկէ, 44 արծաթեայ եւ 42 պրոնզեայ (ընդամէնը 126) մետալով։ Կը յաջորդեն Չինաստան, Ճափոն, Աւստրալիա եւ Ֆրանսա։ Թուրքիա 64-րդ է (3 արծաթեայ, 5 պրոնզեայ մետալ), Ազերպայճան՝ 30-րդ (2 ոսկէ, 2 արծաթեայ եւ 3 պրոնզեայ)։ 

Նոյն օրը Սթատ տը Ֆրանսի մէջ (որ այս առիթով վերանուանուած էր Ողիմպիական մարզադաշտ) տեղի ունեցած եւ բացման բաղդատմամբ աւելի համեստ փակման արարողութեամբ մը պաշտօնապէս վերջ գտան Փարիզ-2024-ի խաղերը եւ յաջորդ ողիմպիականներուն ընդառաջ՝ ջահը փոխանցուեցաւ Լոս Անճըլըսի։

Աւելցնենք, որ հրաժեշտի այս արարողութեան, ուր այս անգամ Հայաստանի պատուիրակութեան դրօշակակիրն էր ողիմպիական փոխախոյեան ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան,  լեփ-լեցուն մարզադաշտին մէջ հնչեց անմահ Ազնաւուրի « Emmenez-moi » աշխարհահռչակ երգը։