Search
Close this search box.

Սփիւռքի մշակութային ժառանգութեան ապագան

Փարի­զահայ նկա­րիչ Զա­րեհ Մու­թա­ֆեանի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­ռան­գութեան մէկ մա­սը տե­ղափո­խուած է Հա­յաս­տան։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խագահ Վա­հագն Խա­չատ­ուրեանի Ֆրան­սա այ­ցե­լու­թեան ըն-

թացքին, Հա­յաս­տա­նի դես­պան՝ Յաս­միկ Տոլ­մա­ջեանի միջ­նորդու­թեամբ, ֆրան­սա­հայ նկա­րչին որ­դին՝ պատ­մա­գէտ Գլօտ-Ար­մէն Մու­թա­ֆեան յայտնած է հօրը՝ տար­բեր ժա­մանա­կա­շրջա­ններու պատ­կա­նող վաթ­սուն հինգ գե­ղան­կարներ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին յանձնելու որոշումը։

Զա­րեհ Մու­թա­ֆեան բախտա­ւոր է, որ վեր­ջա­պէս իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­ռան­գութե­նէն մաս մը կը գտնէ վայր մը պատ­շաճ կեր­պով պահ­պա­նուե­լու, դի­տուե­լու եւ գնա­հատուելու։ Վահ­րամ Դու­մա­նեան, նախ­կին Կրթու­թեան նա­խարար, ներ­կա­յիս՝ նա­խագա­հի խորհրդա­կան, Մու­թա­ֆեա­նի գե­ղարուես­տա­կան գոր­ծե­րու Հա­յաս­տան տե­ղափո­խու­թեան առ­թիւ կա­տարած է հե­տեւեալ յատ­կանշա­կան յայ­տա­րարու­թիւնը՝ «Սա շատ լաւ ու­ղերձ է բո­լոր այն մարդկանց, մեր հայ­րե­նակից­նե­րին, ով­քեր մտո­րում են տար­բեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան հետ կա­պուած, թէ ի՞նչ բախտ պի­տի վի­ճակուի, որ­տե՞ղ պէտք է պահ­պա­նել, որ լի­նի ապա­հով, որ ծա­ռայի իր նպա­տակին. սա շատ լաւ օրի­նակ է, որ բո­լորը կա­րող են գոր­ծակցել Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րի հետ, որ հայ­կա­կան ար­մատնե­րով մշա­կու­թա­յին ար­ժէքներ պահ­պա­նուեն Հա­յաս­տա­նում եւ լի­նեն հայ ժո­ղովրդի ու­շադրու­թեան կենտրո­նում»։ 

Հա­յաս­տա­նէն հնչած այս ու­ղեր­ձը յստակ է, պարզ է. ցորչափ արուես­տա­գէտ մը կամ անոր ժա­ռանգնե­րը հա­մաձայն են, որ իրենց անձնա­կան կամ ըն­տա­նեկան գե­ղարուես­տա­կան ժա­ռան­գութիւ­նը յանձնուի Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին պահ­պանման կա­ռոյցնե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը կ՚աջակ­ցին անոնց։ Որ­քա­նո՞վ այս կո­չը իս­կա­կան կա­ռավա­րական յանձնա­ռու­թիւն կը դառ­նայ, ապա­գան ցոյց կու տայ։ Գե­ղա­րուես­տի գոր­ծե­րու երկրէ- եր­կիր տե­ղափո­խու­մը նիւ­թա­կան ծանր բեռ է, որ եթէ պե­տական կամ բա­րեսի­րական մար­մինի մը կողմէ  յանձն չառնուի յա­ճախ պատ­ճառ կը դառ­նայ նման նա­խաձեռ­նութիւննե­րու ձա­խողու­թեան։ Նոյնն է պա­րագան մաք­սա­յին ու վար­չա­րարա­կան ձե­ւակեր­պումնե­րուն։

Արուես­տա­գէտի մը հա­մար չկայ աւե­լի մեծ բա­ւարա­րու­թիւն քան իր աշ­խա­տան­քի գնա­հատու­մը եւ ըն­կա­լու­մը հան­րութեան կող­մէ։ Նոյնն է պա­րագան գրա­գէտին ալ, թա­տերա­կան գոր­ծի­չին ալ, գիտ­նա­կանին, ու­սուցչին եւ նոյ­նիսկ՝ ար­հեստա­ւորին…։ Արուես­տա­գէտի մը գոր­ծե­րու գնա­հատու­մը կ՚ըլլայ տար­բեր ար­տա­յայ­տութիւններով, որոնցմէ ամէնէն բա­ցայայ­տը շու­կա­յական ըն­կա­լումն է, բայց աւե­լի՛ն՝ թան­գա­րանի մը մէջ անոնց նե­րառ­ումը եւ ան­հատնե­րու ու հա­ւաքորդնե­րու կող­մէ ձեռքբե­րու­մը։ 

Ճիշդ պի­տի ըլ­լար որ Սփիւռքի մէջ ստեղ­ծուած գե­ղարուես­տա­կան գոր­ծե­րը ու­նե­նային իրենց բնա­կան տա­րածու­մը տե­ղական մի­ջավայ­րին մէջ, մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի վրայ։ Սա­կայն, Սփիւռքի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­թիւնը լուրջ մղձա­ւանջ մըն է։ Տա­կաւին, ոչ մէկ սփիւռքեան կազ­մա­կեր­պութիւն, հա­մայնքա­յին մա­կար­դա­կի, լրջօ­րէն զբա­ղած է Սփիւռքի արուես­տա­գէտ­նե­րու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­թեան գոր­ծով։ Սփիւռքի զա­նազան եր­կիրնե­րու մէջ կան մա­տենա­դարան­ներ, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան­ներ, հա­մալ­սա­րանա­կան ամ­պիոն­ներ…։ Կա՛ն նաեւ ըն­տա­նիք­նե­րու ջան­քով հաս­տա­տուած տուն-թան­գա­րան­ներ, սա­կայն չկան արուես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րուն նուիրուած գե­ղարուես­տի թան­գա­րան­ներ ու չկան նաեւ ընդհան­րա­պէս ար­խիւնե­րու պահ­պա­նու­մի կեդ­րոններ։ Ինչ կը վերաբերի գրող­նե­րուն՝ բախտա­ւոր են անոնք որոնց գրա­ւոր ժա­ռան­գութիւ­նը կը յայտնաբերէ հե­տազօ­տող մտա­ւորա­կան մը, որ յետմա­հու կը հրա­տարա­կէ այդ ան­տիպ ձե­ռագ­րե­րը…

Որ­քան, դժբախտ են այն արո­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը, որոնք կը մնան ան­­տէր եւ որոնց գոր­­ծե­­­րը, հա­­կառակ իրենց ար­­ժէ­­­քին, կը մնան լքո­ւած։ Օրի­­նակ­­նե­­­րը շատ են. միայն հատ մը նշելու հա­­մար, յի­­շենք Ար­­շակ Գառ­­նին։ Եւ ի՛նչ ըսել կարգ մը նշա­­նաւոր արուեստա­­գէտ­նե­րու, գրող­նե­րու, մաս­նա­գիտա­կան գրա­դարան­նե­րու մա­սին եւ գրա­խանութնե­րու հա­ւաքա­ծոնե­րուն, ինչպէս Սա­մուէ­լեան գրա­խանու­թինը։ Հա­յաս­տա­նէն հնչած ու­ղերձը իս­կա­կան փրկու­թիւն է, այնքան ատեն որ կը յար­գո­ւին տե­ղական մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­թեան օրէնքնե­րը, մաք­սա­յին ու հար­կա­յին պար­տա­ւորու­թիւնները։

Ժ.Չ. ■