Search
Close this search box.

Պաքու կրկին Երեւանի հասցէին մեղադրանքներ կ՚ուղղէ՝ այս անգամ բնապահական աղէտ պատճառելու ամբաստանութեամբ

Ապականութեան ախոյեան Ազերպայճան կ՚ամբաստանէ Հայաստանը (նկարը՝ Ազերպայճանէն)

“Հայաստանի հանքարդիւնաբերութիւնը լուրջ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է Ազերպայճանի բնապահական միջավայրին վրայ”,– յայտարարած է նախագահ Ալիեւի լիազօր ներկայացուցիչ Ֆուատ Նաճաֆլի՝ ելոյթ ունենալով Նախիջեւանի մէջ կազմակերպուած «Կլիմայի փոփոխութեան վրայ ազդող բնապահական խախտումները» խորագրով գիտաժողովին։

Ազերպայճանցի պաշտօնատարը պնդած է, թէ Հայաստանի կողմէ թունաւոր թափօններ կը նետուին Ազերպայճան հոսող գետերուն մէջ, որու հետեւանքով «հարիւրաւոր թռչուններ եւ ձկներ ոչնչացած են»։

“Հայաստանի կողմէ Արաքս գետի աղտոտումը կը շարունակուի նաեւ այսօր եւ այդ պատճառով Արաքս գետին մօտ գտնուող կենդանական եւ բուսական աշխարհը կ՚ոչնչանայ։ Հայաստան կը շարունակէ բնութեան դէմ իր գործողութիւնները”,– նշած է Նաճաֆլի։

Նոյն գիտաժողովին ելոյթ ունեցած է նաեւ Ադզերպայճանի ընդհանուր դատախազ Քամրան Ալիեւ, որ իր կարգին պնդած է, թէ Հայաստան «միտումնաւոր կերպով կ՚աղտոտէ Արաքս գետը՝ քիմիական եւ շողարձակ թափօններով» եւ թէ այդ գործողութիւնը մինչ օրս կը շարունակուի։