Search
Close this search box.

Ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան Ալէն Տըլոնի մահը

Օգոստոս 18-ին, Տուշիի իր բնակարանին մէջ շրջապատուած երեք զաւակներով, 88 տարեկանին կեանքին հրաժեշտ տուած է ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան Ալէն Տըլոն։

Ան յատուկ զգայնութիւն ունէր Հայաստանի նկատմամբ։

2012 Դեկտեմբեր 17-ին, Տըլոն Երեւան այցելած էր մասնակցելու «Շնորհաւոր Նոր տարի, մայրեր» (Bonne Année, les mamans ! ) ֆրանքեւռուսական միատեղ արտադրութեան ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութեան առիթով։ Նոյն օրը ան այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին։

Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան X-ի իր հաշիւին կը գրէ.

«Ալէն Տըլոն, ֆրանսական շարժարուեստի առասպելական անունը, որ հարիւրմիլիոնաւոր անձերու երազանք շնորհած է ամբողջ աշխարհի մէջ, վերջին Սամուրայը, իր մահկանացուն կնքեց։ Ան յաւիտենապէս պիտի մարմնաւորէ ֆրանսական զգայնութիւնը, նրբագեղութիւնը։

Խորապէս յուզուած ենք»։

Դեսպանուհին գրառումին կցած է Տըլոնի եւ Ազնաւուրի պատկերը։