Search
Close this search box.

Գեր. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Նորատունկեան նշանակուեցաւ Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ

Փրանկիսկոս սրբազան քահանայապետը Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ նշանակեց Զմմառու Պատրիարքական կղերի անդամ` Գեր. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Նորատունկեանը, որ ցարդ կը վարէր Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդի եւ Զմմառու վանքի մեծաւորի պաշտօնը, անոր սահմանելով Սեբաստիոյ հայերու արքեպիսկոպոսական աթոռը, արքեպիսկոպոսի տիտղոսով։

Կենսագրական տուեալներ

Գեր. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Նորատունկեան ծնած է Հալէպ` 1968 Նոյեմբեր 16-ին։ Փոքր տարիքին մտած է Զմմառու Վանք, ուր աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսումը մեծաւորներու հրամանով մեկնած է Հռոմ, Լեւոնեան Ք. վարժարան եւ աւարտելէ ետք փիլիսոփայութեան ու աստուածաբանութեան մասնաճիւղերը 1997-ին` Սալեզեաններու Քահանայապետական համալսարանէն ձեռք բերած է Կրթական գիտութեան մասնաճիւղի վկայականը։

20 օգոստոս 1995-ին ձեռնադրուած է քահանայ Հալէպի մէջ, անդամակցելով Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան։

Ան ի միջի այլոց պաշտօնավարած է` որպէս Փոքր նորընծայարանի փոխտեսուչ (1997-1998), Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ (1998-1999), Փոքր նորընծայարանի տեսուչ-մեծաւոր (1999-2001), Փոքր եւ աւագ նորընծայարանի տեսուչ-մեծաւոր (2001-2007), 2003-2007 պաշտօնավարած է որպէս Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր մատակարար հուսկ փոխադրուած՝ Մոսկուա այնտեղ ստանձնելով հայ կաթողիկէ համայնքի Ժողովրդապետի պաշտօնը (2007-2010), 2010-2015 վարած է Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի տեսուչ-մեծաւորի պաշտօնը եւ 2013-2015 նշանակուած է նաեւ Երուսաղէմի եւ Ամմանի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական Էկզարկութեան առաքելական կառավարիչ, որմէ ետք` 2015-ին մեկնած է Ֆրանսայի Լիոն քաղաք, դառնալով Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ մինչեւ 2023 Օգոստոս ամիսը, երբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան ընդհանուր ժողովը զինք ընտրած է Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր։

Յայտնենք, թէ Գեր. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Նորատունկեան` Հայաստանի առաջնորդութեան արքեպիսկոպոսի այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ 2021 Սեպտեմբերին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք ընտրուած Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին, որ Հայաստանի Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդի պաշտօնը վարած է 2011-էն մինչեւ 2021։ Իսկ 2022-ին Փրանկիսկոս պապը թափուր աթոռի` որպէս Առաքելական կառավարիչ նշանակած էր Հայր Միքայէլ Պասալէն որ սոյն նշանակումով կ՚աւարտէ իր այս պաշտօնը։

Աղբիւր՝ «Վատիկան Նիուզ»-ի հայկական բաժին