Search
Close this search box.

Սուրէն Պապիկեան եւ Օլիվիէ Տըքոթինյի քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան ծրագրերը

Օգոստոս 23-ին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի հետ։

Կողմերը քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան առնչուող հարցեր, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի զինեալ ուժերու մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու ծիրէն ներս Ֆրանսայի հետ փոխադարձ գործակցութեան ծրագրերը: