Search
Close this search box.

ԵԽԽՎ կը հակազդէ կառոյցի որոշ անդամներ անցանկալի անձ յայտարարելու Պաքուի որոշումին

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Թէոդորոս Ռուսոփուլոս անդրադարձած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան, թէ ԵԽԽՎ-ի այն անդամները, որոնք կողմ քուէարկած են ազերպայճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւններու դադրեցման որոշումին, Ազերպայճանի մէջ պիտի նկատուին անցանկալի անձ։ 

“Սա աւելի քան ցաւալի ազդանշան է, որ միայն աւելի կը բարդացնէ Ազերպայճանի ներկայի վիճակը Եւրոպայի խորհուրդին մէջ։ «Սեւ ցանկ» ներառելը անոնք, որոնք քուէարկած են իրենց խղճին համաձայն, կրնայ միայն հակադարձ արդիւնքի յանգեցնել”,– նշած է ԵԽԽՎ-ի նախագահը՝ ընդգծելով, որ անդամ երկիրները պարտաւոր են յարգելու ժողովրդավարութեան չափանիշերը: