Օգոստոս 28-ին Փարիզի Փարալիմփիք խաղերը բացուեցան շատ շքեղ արարողութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ գլխաւորաբար Գոնգորտի հրապարակին եւ Շան զ՚Էլիզէի պողոտային վրայ: Ինչպէս քանի մը շաբաթ առաջ՝ դասական Ողիմպիականներու բացման արարողութեան՝ այս անգամ եւս անպակաս եղան Ազնաւուրի երգերն ու մեղեդիները, որոնք գունաւորեցին հանդիսութիւնը։
Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով հաշմանդամներու յատուկ այս խաղերուն կը մասնակցի միջազգային դասաւորման մաս կազմող մարզիկներով։
Արարողութեան Հայաստանի դրօշակակիրն էր ծանրորդ Գրետա Վարդանեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։