«Լա Փրովանս» օրաթերթը կը գրէ, թէ Ֆրանսայի հարաւի Մարթիկ քաղաքի քանի մը ընկերակցութիւններու հաւաքած տասնութ թոն մարդասիրական օժանդակութիւնը Սեպտեմբերի սկիզբը պիտի առաքուի Երեւան։
Թերթը կը բացատրէ, թէ Մարթիկի Ֆրանքեւհայկական ընկերակցութիւնը, որ վայելած է « Actions humanitaires » ընկերակցութեան նեցուկը, քաղաքի Լաւերա թաղամասին մէջ գտնուող ստուար տարածքի մը մէջ 18 թոն մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխադրութեան համար պատրաստած է, Սեպտեմբերի սկիզբը Երեւան ուղարկելու համար: Ֆրանքեւհայկական ընկերակցութեան նախագահ Կրեկուար Մինասեան եւ բժշկագիտութեան դասախօս, « Actions humanitaires »-ի հարաւային պատուիրակութեան ղեկավար Ռընէ Լոժիէ վերահսկած են իրենց ներկայացուցած կառոյցներու եւ Ալուշի հայկական միութեան հաւաքած ծրարներու եւ նիւթերու ուղարկման նախապատրաստական աշխատանքները:
Հայաստան ղրկուելիք ապրանքներուն մէջ կան անուաթոռներ, բժշկական մահճակալներ, քայլակներ (déambulateurs), հիւանդներու հեռակայ հսկողութեան ելեկտրոնային սարքեր, ինչպէս նաեւ 800 վերմակ եւ աւելի քան 1800 բժշկական հանդերձանք: Բացի ասոնցմէ, Պասթիայի (Գորսիքա) հրշէջ-փրկարարական ծառայութիւնը նուիրաբերած է շտապօգնութեան կառք մը, որ պիտի ղրկուի Արտաշատի հիւանդանոց։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։