Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Խոստումնե՜ր, խոստումնե՜ր…

Անդրկով­կա­սի տա­րածաշրջա­նը կ՚ապ­րի քա­ղաքա­կան շատ լուրջ գոր­ծընթաց­ներ, որոնց ել­քը տա­կաւին յստակ չէ։ Պրիւ­սէ­լի մէջ Եւ­րո­պական խոր­հուրդի նա­խագա­հին կազ­մա­կեր­պած եռա­կողմ հան­դի­պու­մը լի էր խոս­տումնե­րով, մա՛նա­ւանդ մար­դա­սիրա­կան եւ տնտե­սական զար­գացման, եր­կա­թու­ղի­ներու վե­րագոր­ծարկման վե­րաբե­րեալ, որոնց սա­կայն, ան­մի­ջական ար­դիւնքը շատ խղճուկ դուրս եկաւ՝ 10 ռազ­մա­գերի­ներու ազատ ար­ձա­կու­մը Ազէր­պայճա­նի կող­մէ։ Իսկ Ալիեւ ժո­ղովին զու­գա­հեռ գրե­թէ հեր­քեց հա­ղոր­դակցու­թեան մի­ջոց­նե­րու ապաշրջա­փակ­ման յայ­տա­րարու­թիւննե­րը, պա­հան­ջե­լով Լա­չինի դի­մաց Զան­գե­զու­րի մի­ջանցքը։

Մէկ բան յստակ է, որ Հա­յաս­տան-Ազէր­պայճան երկկողմ բա­նակ­ցութիւննե­րը կ՚ըն­թա­նան Ռու­սաստա­նի գծած ճա­նապար­հա­յին քար­տէ­սով, որուն հետ արեւմտեան գեր­տէ­րու­թիւննե­րը հա­մաձայն ըլ­լա­լով հան­դերձ, կը ջա­նան Մոս­կուայի հետ մրցիլ քա­ղաքա­կան եւ տնտե­սական այլ դաշ­տե­րու վրայ։ Այստեղ ԱՄՆ-ու եւ Եւ­րո­պական խոր­հուրդի մի­ջեւ դե­րերու բաշ­խում մը յստակ է. ԱՄՆ-ը ստանձնած է Հա­յաս­տան-Թուրքիա մեր­ձեցման բա­ժինը, իսկ Եւ­րո­պական խոր­հուրդը տնտե­սական ու մար­դա­սիրա­կան ծրագ­րե­րու­նը։ Եւ այս բո­լորին ետին թաք­նուած է՝ Ռու­սաստա­նը եւ Իրա­նը տնտե­սական շրջա­փակու­մի մէջ պա­հելու Արեւ­մուտքի հե­ռահար ռազ­մա­վարու­թիւնը։

Քա­ղաքա­կան գոր­ծընթաց­նե­րու նման ըն­թերցում կը թե­լադ­րէ արեւմտեան եւ ռուսական լրա­տու մի­ջոց­նե­րու եւ դիւանագէտներու սպառ­նա­լից յայ­տա­րարու­թիւննե­րը Ուքրաինա­յի արե­ւել­քը՝ Տոն­պա­սի շրջա­նին ռազ­մա­կան հսկա­յական կու­տա­կումնե­րուն ի տես։ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի շուրջ բա­նակ­ցութիւննե­րը ան­մասն չեն քիչ մը աւե­լի հիւ­սիս տե­ղի ու­նե­ցող այս լա­րումնե­րէն։

Իսկ Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հական ընտրու­թեան քա­րոզար­շա­ւը Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը առաջ­նորդեց մրցակ­ցութեան այլ դաշտ։ Նա­խագա­հական թեկ­նա­ծու ծայ­րա­յեղ ա­ջակողմեան Զե­մու­րի այ­ցե­լու­թե­նէն ետք, կար­գը եկաւ Աջե­րու թեկ­նա­ծու Վա­լերի Փեք­րէ­սին, իսկ նա­խագահ Մաք­րոն այս մրցա­վազ­քէն ետ չմնա­լու հա­մար, Պրիւ­սէ­լի մէջ, Արե­ւելեան գոր­ծընկե­րու­թեան վե­հաժո­ղովին առ­թիւ, Շառլ Մի­շէլի կազ­մա­կեր­պած եռա­կողմ հան­դի­պու­մէն ետք, ինք եւս Փա­շինեան-Ալիեւ հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պեց, որ կը կրէր զուտ քա­րոզ­չա­կան բնոյթ՝ Հա­յու­թեան զօ­րակ­ցե­լու դրօ­շին ներ­քոյ։

Ծանօթ է, որ Ֆրան­սա­յի քա­ղաքա­կան կեան­քին մէջ, 44-օրեայ պա­տերազ­մէն սկսեալ, Խորհրդա­րանի եր­կու պալատնե­րուն կող­մէ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման ի նպաստ որո­շումներ կա­յացուեցան, բայց կա­ռավա­րու­թիւնը մնաց խօս­քով զօ­րակ­ցութեան մա­կար­դա­կին։ Նա­խագա­հական մրցար­շա­ւը բնա­կանա­բար ոչինչ պի­տի փո­խէ Ֆրան­սա­յի յա­ջորդ նա­խագա­հին ու կա­ռավա­րու­թեան դիր­քո­րոշ­ման մէջ։

Այս առու­մով, Լե­ւոն Տէր-Պետրո­սեանի շրջանին Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխնա­խարա­րի եւ Թուրքիոյ հետ գլխաւոր բանագնացի պաշ­տօ­նը վարած Ժի­րայր Լի­պարի­տեանի ան­ցեալ շա­բաթ Հայաստան այ­ցը պաղ ցնցու­ղի ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցաւ։ Ան զգու­շա­ցուց հան­րութիւ­նը արեւմտեան խոս­տումնե­րով խան­դա­վառուելէ՝ յատ­կապէս ինչ կը վերաբերի խոր­հըրդա­րան­նե­րու՝ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւնը ճանչնա­լու որո­շումնե­րուն, կամ Մինսքի խումբի հա­մանա­խա­­գա­հ եր­կիրնե­րէն Ֆրան­սա­յի եւ Միացեալ Նահանգներու բա­նագ­նաց­նե­րուն եւ դես­պաննե­րուն՝ Ար­ցա­խի կար­գա­վիճա­կին վե­րաբե­րեալ յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն։

Մին­չեւ երբ դեռ պէտք է արեւմտեան խոս­տումնե­րով ոգե­ւո­րուիլ, սպա­սել Կա­ղանդ պա­պու­կին, որ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հար­ցե­րը լու­ծէ։ Հար­ցադրու­մը կ՚ուղ­ղուի Հա­յաս­տա­նի ու Սփիւռքի քա­­ղաքա­կան շրջանակներուն՝ ճանչնալ թշնա­միներուն կարողութիւնն ու յե­տին նպատակները եւ չապաւինիլ բա­րեկամներու զօրակցութեան խոս­տում­ներուն։­
Ժ.Չ. ■