Ազերպայճանի կիրքերը բորբոքած են կրկին, վարչապետ Փաշինեանի Օգոստոս 31-ի մամլոյ ասուլիսին հնչած խաղաղարար ու հաշտարար յայտարարութիւններէն ետք։ Նոյնը կարելի է ըսել Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մասին։ Որքան վարչապետը խաղաղարար թեզեր հնչեցնէ, այնքան հակառակ կողմը կը գրգռուի ու կը փորձէ թշնամական իր դիրքորոշումներն ու պահանջները արդարացնել. երբեմն նոյնիսկ նոր պահանջներ կը ներկայացնէ, որուն նորագոյնը Ալիեւի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի յայտարարութիւնն էր, որով կը պահանջուի Հայաստանի սպառազինութեան սահմանափակումներ պարտադրել, ինչպէս որ միջազգային հասարակութիւնը նման քաղաքականութիւն որդեգրեց Իրաքի դէմ՝ Քուէյթ ներխուժումէն ետք։
Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան դարաշրջան սկսելու հայկական կողմի առաջարկները չեն պակսիր։ Որքան ազերական կողմը իր պահանջներն ու սպառնալիքները բազմացնէ, այնքան Հայաստան կը պատասխանէ բազմատեսակ խաղաղարար առաջարկներով, ինչպէս՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ», «խաղաղութեան դաշինք», սահմանազատում՝ իբրեւ սահմանային լարուածութիւն նուազեցնելու միջոց, սահմանի միջադէպերու առաջքը առնելու համար երկկողմ քննչական յանձնախումբի ստեղծում, սպառազինութիւնը երկկողմ նուազեցնելու բանակցութիւններ…։
Խաղաղութեան ռազմավարութիւնը իր առաջին պտուղը տուաւ Հայաստան-Ազերպայճան սահմանազատման յանձնախումբերու երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք, Սեպտեմբեր 1-ին, սահմանազատման կանոնակարգի հրապարակումով, ուր առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս կը նշուի 1991-ի
Ալմա-Աթայի հռչակագիրը իբրեւ միջպետական սահմանազատում իրականացնելու հիմք։
Հակառակ Ազերպայճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն, ատենէ մը ի վեր Հայաստան-Ազերպայճան սահմանին յարաբերաբար խաղաղութիւն կը տիրէ, շնորհիւ նաեւ Եւրոպական Միութեան դէտերու ներկայութեան։ Սակայն այս իրավիճակը յանկարծ կրնայ փոխուիլ, յատկապէս Նոյեմբեր ամիսէն ետք, եթէ միջազգային պայմանները կտրուկ փոփոխութեան ենթարկուին, ինչպէս ԱՄՆ-ու ընտրութիւններուն Թրամփի յաղթանակի եւ կամ Ռուսաստանի՝ ուքրաինական ճակատին յաղթանակի պարագային։
Մոսկուայի՝ Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի եռակողմ համաձայնութեան 9-րդ կէտի գործարկումի պահանջը կը հակադրուի Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին։ Ռուսական կողմի գլխաւոր մտավախութիւնը այն է որ հաղորդակցամիջոցներու վերականգնումը իրականանայ առանց իր միջնորդութեան։ Այս կէտին վրայ Ռուսաստան կը վայելէ Ազերպայճանի զօրակցութիւնը, որու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փութինի Պաքու այցելութեան առթիւ յայտարարեց որ Հայաստան-Ազերպայճան բանակցութիւններու Մոսկուայի հարթակը իրեն համար ընդունելի է։ Իսկ Հայաստանի համար ռուսական հարթակը դարձած է կասկածելի, որովհետեւ Ռուսաստան չէ յաջողած Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան առաջին 8 կէտերու կենսագործումը, որոնց մասին վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ իր վերջին ասուլիսի ընթացքին։ Ինչպէս օրինակ անկարող եղաւ Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող ռազմագերիներու եւ անցեալ Սեպտեմբերին Արցախի վրայ յարձակումէն ետք պատանդ առնուած անձերու վերադարձը ապահովելու։
Արցախի անկախութեան նախօրեակին տեղի ունեցած այս իրադարձութիւնները ցոյց կու տան Հայաստանի գլխուն վրայ կախուած դամոկլեան սուրը՝ սխալ քայլ մը կրնայ անմիջապէս պատերազմի դուռ բանալ։ Այսուհանդերձ, ներհայկական ճակատի վրայ՝ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը բոլորովին անտարբեր Հայաստանի առջեւ ցցուած մարտահրաւէրներուն, կը շարունակէ իր զօրակցութիւնը այսպէս կոչուած «Սրբազան պայքար»-ի հերոսին։ Իսկ Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւնները կը մնան լարուած, թէեւ Արցախի տխրահռչակ վերջին նախագահ Շահրամանեանի յայտարարութիւնը, Սեպտեմբեր 2-ին Եռաբլուրի մէջ, կրնայ մեղմացումի դուռ բանալ. «Տեղահանուելուց յետոյ Արցախի իշխանութիւնները որդեգրել են Հայաստանի անվտանգութեան չվնասելու քաղաքականութիւն. մեզ համար առաջնահերթութիւն է Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Սա եւս մեր հայրենիքի հիմնական մասն է։ Մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, որպէսզի վտանգի չենթարկենք այն գործընթացները, որոնք իրականացւում են Հայաստանի իշխանութիւնների կողմից եւ չվնասենք անվտանգային համակարգին»։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։