Search
Close this search box.

ԴԱՆԻԱ – Հայոց բարեկամ՝ դանիացի-իսլանտացի պատմաբան, գրող եւ գործիչ Օկէ Մեյեր Պենետիքսենի յիշատակին նուիրուած արարողութիւն

Օգոստոս 24-ին Դանիոյ Վիտեպեք աւանին մէջ տեղի ունեցած է դանիացի-իսլանտացի պատմաբան, գրող և գործիչ Օկէ Մեյեր Պենետիքսենի (1866-1927) յիշատակին նուիրուած արարողութիւն, նախաձեռնութեամբ անոր ժառանգներուն, կազմակերպութեամբ Դանիոյ մէջ Լիթուանիոյ պատուոյ հիւպատոսութեան եւ դեսպանութեան։

Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Հայարփի Դրմէեան՝ անդրադառնալով 19-րդ դարավերջին Պենետիքսենի՝ Արեւմտեան Հայաստան այցելութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի գլխուն եկած հալածանքներու ու ջարդերու մասին աղաղակելու եւ հայութեան օգնելու նպատակով վերջինիս կողմէ «Հայերու դանիացի ընկերներ» միութեան հիմնադրման կարեւորութեան։

Դիւանագէտը շնորհակալութիւն յայտնած է կազմակերպիչներուն՝ դանիացի գործիչին հեղինակած եւ 1925-ին հրատարակուած «Հայաստան․ ժողովուրդի կեանքն ու պայքարը երկու դարերու ընթացքին» գիրքը Հայաստանի դեսպանութեան նուիրելուն համար՝ նշելով, որ հատորը իր արժանի տեղը պիտի գտնէ դեսպանութեան գրադարանին մէջ։

Ցերեկոյթի մասնակիցները առիթ ունեցած են Հայաստանի մասին զիրենք յուզող հարցերը քննարկելու հայ դիւանագէտներուն հետ։

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցած է այցելութիւն՝ Պենետիքսենի շիրմաքարին։