Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Մարմնամարզիկ Ալբերտ Ազարեանի պրոնզաձոյլ արձանին բացումը կատարուած է

Սեպտեմբեր 5-ին, հայ մեծանուն մարմնամարզիկ, ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան, աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան, «Oղակներու արքայ» Ալբերտ Ազարեանի մահուան տարելիցին օրը, «Կոմիտաս» զբօսայգիի պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած է անոր պրոնզաձոյլ արձանին բացման արարողութիւնը, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի ներկայութեան։

Պետական գանձատրումով պատրաստուած արձանի հեղինակն է երիտասարդ քանդակագործ Գոռ Դաւթեան։

Ալբերտ Ազարեան կեանքին հրաժեշտ տուած էր 2023 Սեպտեմբեր 5-ին՝ 94 տարեկանին: Ան մասնակցած է մրցումներու՝ աշխարհի 49 երկիրներու մէջ, նուաճած է 45 ոսկէ, 42 արծաթեայ եւ 10 պրոնզեայ մետալներ։