Search
Close this search box.

Նիկոլ Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը՝ Ֆրանսայի նորանշանակ վարչապետին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Միշէլ Պարնիէին՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով:

Ուղերձին մէջ յատկապէս նշուած է.

«Ընդունեցէ՛ք խնդրեմ իմ ջերմ շնորհաւորանքները։ Վստահ եմ, որ ձեր երկարամեայ մասնագիտական գործունէութեան եւ անցած քաղաքական ու դիւանագիտական կարեւոր ուղիի ընթացքին ամբարած հարուստ փորձառութիւնն ու գիտելիքները լաւագոյնս պիտի ծառայեն բարեկամ Ֆրանսային եւ ֆրանսացի ժողովուրդին։ 

Յանձնառու եմ միատեղ ջանքերով նպաստելու Հայաստան-Ֆրանսա  ընդգրկուն օրակարգի ընդլայնման ու նոր յաւակնոտ ծրագրերու իրականացման, ներառեալ` տնտեսական համագործակցութեան բնագաւառին մէջ:

(…) Բարձր կը գնահատոեմ Հայաստանին վերաբերող հարցերուն մէջ ձեր շարունակական ուշադրութիւնը։ Մեծ գնահատանքով կը յիշեմ մեր երկրի համար դժուար օրերուն Հայաստան կատարած ձեր այցն ու հայ ժողովուրդին ցուցաբերած զօրակցութիւնը։ 

Մեծ սիրով յառաջիկային կը սպասեմ ձեր պաշտօնական այցին՝ Հայաստան»։