Search
Close this search box.

Եղէգնաձորի մէջ բացուած է «Թումօ» առժամեայ կեդրոնը

Եղէգնաձորի մէջ բացուած է վեց տուփերէ կազմուած «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու առժամեայ կեդրոնը, անվճար կրթութիւնը մատչելի դարձնելով մարզի բոլոր պատանիներուն։

 

“Վեց տուփերէ բաղկացած կեդրոնը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ «Թումօ»-ի կրթութեամբ ապահովելու Վայոց ձորի պատանիները՝ մինչեւ մնայուն կեդրոնի վերակառուցման ծաւալուն աշխատանքներու կազմակերպումը եւ իրականացումը։ Արենիի եւ Վայքի պատանիները այլեւս ստիպուած պիտի չըլլան աւելի քան 2 ժամ երթեւեկելու մինչեւ «Թումօ Երեւան», որպէսզի ամբողջացնեն իրենց «թումօ»-ական փորձառութիւնը դասընթացներու եւ աշխատանոցներու միջոցով։ Մարզին մէջ գործող կրթական ցանցը հնարաւորութիւն կու տայ շաբաթական շուրջ 1.300 պատանիներու հմտանալու ամէնէն արդիական բնագաւառներու մէջ, ինչպէս՝ խաղերու  եւ ֆիլմերու ստեղծում, ծրագրաւորում, թուային նկարչութիւն եւ աւելին”,– կ՚ըսէ «Թումօ»-ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան։