Սեպտեմբեր 6-ին, Իտալիոյ Փուլիայի մարզի Թրիքազէ քաղաքը գտնուող Ժողովրդական աւանդութիւններու պատմութեան դպրոցի եւ 𝐋𝐢𝐪𝐮𝐢𝐥𝐚𝐛 կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի պատմութեան, հայ գրականութեան, երաժշտութեան, հայկական պարերու եւ խոհանոցի առանձնայատկութիւններուն նուիրուած երեկոյթ մը:
Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ ձեռնարկին մասնակցած եւ ելոյթ ունեցած է Պառի քաղաքի նորանշանակ պատուոյ հիւպատոս Դարիօ Ռուբէն Թիմուրեան:
Երեկոյթի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է Կ. Աբէլեանի՝ «Հարսնցուն» վէպի շնորհահանդէսը:
Պառիի եւ Լեչչէի համալսարաններու Օտար լեզուներու եւ գրականութեան բաժանմունքի դասախօս Գեղամ Պոլոյեան հակիրճ ակնարկով անդրադարձած է Հայաստանի անցեալի ու ներկայի պատմութեան։
Ելոյթներով հանդէս եկած են գրող, բեմագիր Աննա Սանթոլիքուիտօ եւ բանաստեղծ, գրող Փիէրօ Ֆապրիս:
Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուած են հայկական խաչքարը, լաւաշը, խեցեգործութիւնը։ Դասախօս Անճելա Մարիա Ռութիլիանօ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման եւ խաչքարի նշանակութեան:
Լեզուի եւ մշակոյթի մասնագէտ Մարիամ Պոլոյեան անդրադարձած է Երուսաղէմի մէջ հայկական կաւագործութեան (céramique) արուեստի զարգացման պատմութեան:
Հանդիսատեսը վայելած է Կոմիտասի երաժշտութեան նուիրուած համերգը։
Պառի քաղաքի «𝐀𝐫𝐭𝐢𝐃𝐄𝐀 𝐂𝐮𝐥𝐭𝐮𝐫𝐚» ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ ներկայացուած են հայկական պարեր: Փրոֆ. Տոնաթելլա Մայելարօ մանրամասնօրէն խօսած է հայկական պարերու ծագման, նշանակութեան եւ պատմութեան մասին:
Հուսկ՝ ներկաները ճաշակած են հայկական խոհանոցի ուտեստը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։