Search
Close this search box.

Իրանի ռազմավարական շահերը եւ օգուտը՝ Հայաստանին

“Այն երազ­անքնե­րը, զորս ոմանք կը փայփայեն Հա­յաս­տա­նի մա­սին, տար­բեր անուանումնե­րով,– ի մի­ջի այ­լոց, այսպէս կո­չուած՝ «մի­ջանցքի» մա­սին,– իրա­կանու­թիւն պի­տի չդառ­նան”,– յայ­տա­րարած է Իրա­նի դես­պան Մեհ­տի Սոպ­հա­նի։ Ան ան­գամ մը եւս հաս­տա­տած է, որ Իրա­ն կ՚աջակ­ցի ՀՀ տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան, ազ­գա­յին ինքնիշ­խա­նու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան. աւել­ցուցած է, որ Հ­ա­յաս­տանի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կա­­նու­թիւնը իրենց հա­մար «կար­միր գիծ» է։

Իրա­նական կող­մի հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը բազ­մա­ձայն է, բո­լոր գե­րատես­չու­թիւննե­րու պա­տաս­խա­նատու­ներ շատ խիստ լե­զուով կը դա­տապար­տեն Ռու­սա­սատա­նի Արտաքին գործոց նա­խա­րար Սերկէյ Լաւ­րո­վի Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն ուղղած կշտամ­բանքը՝ Նո­յեմ­բեր 9-ի հրա­դադա­րի եռա­կողմ հա­մաձայ­նութեան 9-րդ կէ­տին վե­րաբե­րեալ, պնդելով՝ իբր թէ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնը խափանած է հոն տեղ գտած՝ են­թա­կառոյցնե­րու ապաշրջա­փակ­ման համաձայնու­թիւննե­րը եւ շեշ­տած, թէ հար­ցը պէտք է լու­ծուի 2020-2022 թուական­նե­րու եռա­կողմ յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն հա­մապա­տաս­խան։

Յատ­կանշա­կան է Իրա­նի Յե­ղափո­խու­թեան պա­հապան­նե­րու բանակի նախ­կին ղե­կավար Մոհ­սեն Ռե­զայիի յայ­տա­րարու­թիւնը, որ ան­ձամբ թի­րախ կ՚առ­նէ Ռու­սաստա­նի Արտաքին գործոց նախարարը. «Ռու­սաստա­նի պե­տական գոր­ծի­չին վարքը անըն­դունե­լի է եւ ակնյայ­տօրէն կը հա­կասէ Իրա­նի հետ բա­րեկա­մու­թեան մա­սին իր յայ­տա­րարու­թեան։ Այս եր­կ-դիմութեան պէտք է վերջ տրուի»։

Իրա­նի հա­կազ­դե­ցու­թիւնը նոր չէ։ Սա­կայն, անսպա­սելի էր անոր սրու­մը, որ պե­տական դիր­քո­րոշու­մի յայ­տա­րարու­թիւնէ ան­դին եր­թա­լով կը պա­րու­նա­կէ եր­կու տե­սակի սպառ­նա­լիք. մէկ՝ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան դի­մելու եւ եր­կու՝ Ռու­սա­ստանի հետ բա­րե­կա­մու­թեան եւ գոր­ծակցու­թեան հա­մապար­փակ դա­շինքի կնքման կա­սե­ցում։ 

Մինչ այդ Թեհ­րան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւն կան­չած էր Ռու­սաստա­նի դես­պա­նը Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ Լաւրովի կշտամ­բանքին առնչու­թեամբ Իրա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րու խիստ հա­կադրու­թիւնը յայտնե­լու։

Իրա­նի ձայնի այս բարձրա­ցումը կ՚ուղղուի նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազեր­պայճա­նին, որոնք վեր­ջերս կը մրցին իրա­րու հետ 44-օրեայ պա­տերազ­մի յաղ­թա­նակի դափ­նին իրար­մէ խլե­լու։ 

Իրա­ն կար­ծէք նոր կ՚անդրա­դառ­նայ 44-օրեայ պա­տերազ­մին չէ­զոք կեցուածք որդեգրելու իր մեծ սխա­լին։ Օգ­տուելով մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան խառն իրա­վիճա­կէն, թուրք-ազե­րի զոյ­գը կը հե­տապնդէ թրքա­լեզու պե­տու­թիւննե­րու հա­ղոր­դակցութեան միջ­ոցնե­րու ու­ղղակի ան­խա­փան կա­պի իրա­գոր­ծումը, ռու­սա­կան կող­մի մեղ­սակցու­թեամբ. վեր­ջինս իր կար­գին, կորսնցու­ցած ըլ­լա­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մէջ իր ռազ­մա­կան ներ­կա­յու­թիւնը, կը ջա­նայ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ իր ազ­դե­ցու­թիւնը պահ­պա­նել Ազեր­պայճա­նին մատուցելով «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ի ծա­ռայու­թիւնը։ Իրա­նի հա­մար յստակ է որ «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցքը»-ը Իրա­նը Եւ­րո­պային կա­պող մի­ջանցքնե­րէն մէ­կուն խա­փանու­մը կը նշա­նակէ։ 

Այս առումով, Իրանի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Ապ­պաս Արաղչիի՝ «X»ի վրայ գրա­ռու­մը յատ­կանշա­կան է՝ «Տա­րած­աշրջա­նային խա­ղաղու­թիւնը, անվտան­գութիւնն ու կա­յու­նութիւ­նը սոսկ նա­խապա­տւու­թիւն չեն, այլեւ մեր ազ­գա­յին ապա­հովու­թեան առանցքը։ Հիւ­սի­սէն, հա­րաւէն, արե­ւել­քէն կամ արեւ­մուտքէն որե­ւէ սպառ­նա­լիք, դրա­ցի եր­կիրնե­րու հո­ղային ամ­բողջա­կանու­թեան կամ սահ­մաննե­րու վե­րագ­ծում, բա­ցար­ձա­կապէս անըն­դունե­լի է եւ կար­միր գիծ՝ Իրա­նի հա­մար»։

Ի՞նչն է որ Իրա­­նին թոյլ կու տայ ռուս-ազե­­րի-թուրք եր­րեակին նկատ­­մամբ աւե­­լի ինքնավստահ ու խիստ հռե­­տորա­­բանու­­թիւն որ­­դեգրե­լ։ Եւ­րո­պա՞ն, արեւ­մո՞ւտքը. հա­ւանա­կան է։ Ռու­սաստա­նի հա­մար այ­սօր էական է Իրա­նի հետ բա­րեկա­մական դա­շին­քը, ինչպէս որ էական է Ազեր­պայճա­նի եւ Թուրքիոյ հետ բա­րեկա­մու­թիւնն ու գոր­ծակցու­թիւնը Արեւ­մուտքի պարտադրած շրջա­փակու­մը մեղ­մե­լու հա­մար։ Իսկ Իրա­նի հա­մար անհրա­ժեշտ է Արեւ­մուտքի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բա­րելու­մը, պատիժնե­րու մեղ­մա­ցու­մը ձեռք բե­րելու հա­մար։ Այս առու­մով, Իրա­նի խիստ հռե­տորա­բա­նու­թիւնը Ռու­սաստա­նի նկատ­մամբ կը հետապնդէ Արեւ­մուտքին հաճոյանալու նպատակը։ Մինչ այդ, Թեհրանի աւե­լի յա­խուռն ընդդի­մացումը «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ին՝ կարեւոր նե­ցուկ մըն է Հա­յաս­տա­նին, քանի որ «միջանցք»-ի էջը կրնայ վերջնա­պէս փա­կուիլ, շնոր­հիւ իրանական ռազ­մա­վարա­կան շա­հերուն։

Ժ.Չ. ■