Search
Close this search box.

Ֆրանսա կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանին «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի ընթացքին

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը«X» ընկերային ցանցի իր հաշիւով կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհ. քարտուղարի տեղակալ Տաւիտ Պերթոլոթթի Հայաստանի կազմակերպած «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի ընթացքին վերահաստատած է Ֆրանսայի յանձնառութիւնը Հայաստանի նկատմամբ։

Ան ընդգծած է սահմաններու հարցին մէջ «ամուր սկզբունքներու վերահաստատման» կարեւորութիւնը՝ կրկնելով, որ Հայաստան կրնայ վստահիլ Ֆրանսայի նեցուկին։

Պերթոլոթթի անդրադարձած է նաեւ հաղորդակցութեան ուղիներու խնդրին` ըսելով, որ պէտք չէ զայն վերածել շահարկման գործիքի: Ան եւս յայտարարած է, որ Ֆրանսա կ՚աջակցի խաղաղութեան պայմանագրի կնքման` ողջունելով այս ոլորտին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը: