Search
Close this search box.

«Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովը

Սեպտեմբեր 9-11 տեղի ունեցած է «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովը, որ նուիրուած էր տարբեր բնաբանով հինգ ուղղութիւններու. «Ձեւաւորուող աշխարհակարգ», «Փոխկապակցութիւն», «Անցում դէպի “կանաչ” տնտեսութիւն եւ ուժանիւթի ապագայ», «Թուային հասարակութիւնները որպէս կայուն եւ անվտանգ տնտեսական շարժիչ», «Աշխատանքի ապագայ»:

Համաժողովը կազմակերպած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, համագործակցութեամբ՝ Հնդկաստանի «Observer Research Foundation» (ORF) հետազօտական հիմնադրամի։ Եռօրեայ նիստերուն մասնակցած են 80-է աւելի երկիրներէ պաշտօնական, փորձագիտական, ակադեմական, գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, հանրածանօթ դէմքեր, հանրային կարծիք ձեւաւորողներ, վերլուծաբաններ:

Բացման խօսքով հանդէս եկած են Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհ. քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան եւ ORF-ի նախագահ Սամիր Սարան:

Դաւիթ Կարապետեան իր խօսքին մէջ նշած է ժամանակակից համաշխարհայնականացած եւ մասնատուած աշխարհին մէջ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` անդրադարձ կատարելով ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-հնդկական բազմադարեայ յարաբերութիւններուն:

Կարապետեան ընդգծած է, որ արհեստագիտական յառաջընթացն ու թուային լուծումները նախ եւ առաջ պէտք է ուղղուած ըլլան ապագայի ընդհանուր տեսլականին, որուն ալ նուիրուած է «Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովը:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած է նաեւ վարչապետ Փաշինեան։ Ան երկարաշունչ ելոյթ մը ունեցած է, որուն առանցքը կազմած են Հայաստանի խաղաղապաշտ մօտեցումներուն ու «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրի մանրամասն ներկայացումը։