Սեպտեմբեր 6-ին, Վենետիկի 81-րդ միջազգային փառատօնի պաշտօնական յայտագրի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է բեմադիր Զառա Ճիանի՝ «Ես այս աշխարհէն վրէժխնդիր պիտի ըլլամ՝ սիրով. Ս. Փարաճանով» վաւերագրական ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Դահլիճին մէջ ներկայ եղած են ժապաւէնին հերոսները, ստեղծագործական կազմը, դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, Վենետիկի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեան, Մխիթարեան միաբան Հայր Համազասպ Քէշիշեան, Մխիթարեան հայրեր, փառատօնի հիւրեր եւ միջազգային համբաւ վայելող արուեստագէտներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։