Սեպտեմբեր 13-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Պատժական միջազգային ատեանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ՝ ուղերձ յղելով Նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք COP29 համաժողովի մասնակիցներուն՝ յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի բանտերը գտնուող հայ գերիներու ազատ արձակման հարցը պէտք է մաս կազմէ օրակարգին։
Ան չափազանց կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ այդ ժողովին մասնակիցները չարհամարհեն հայ գերիներու խնդիրը, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ անոնք ազատ կ՚արձակուին համաժողովէն առաջ։
Օքամփօ դիտել տուած է, թէ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերը գերիներ են ոչ թէ՝ ռազմագերիներ։ “Այդ մարդիկը, որոնք հիմա կը գտնուին Ազերպայճանի բանտերուն մէջ, պարզապէս Արցախի առաջնորդներն էին։ Սա տխրեցնող է, սակայն կը նմանի 1915 թուականին տեղի ունեցածին, քանի որ այն ժամանակ թուրքերու առաջնահերթ «առաքելութիւնը» հայերու առաջնորներու վերացումն էր։ Այնսինքն՝ նոյնն է որ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ”,– ընդգծած է նախկին դատախազը, յղելով հետեւեալ ուղերձը.
«Ազա՛տ արձակեցէք հայ պատանդները, դադրեցուցէ՛ք ցեղասպանութիւնը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։