Արեւմտահայերէնի վիճակը շատ վատթարացաւ Միջին Արեւելքի քաղաքական յեղաշրջումներուն պատճառով, երբ այնտեղ տեղայնացած արեւմտահայախօս Հայութիւնը գաղթեց մէկ կողմէն դէպի արեւմտեան ափերը, միւս կողմէն դէպի ծոցի երկիրները, եւ երրորդ հատուած մըն ալ՝ Հայաստան։
Միջին Արեւելքի հայկական աւանդական համայնքներու նօսրացումը արեւմտահայերէնի գործածութեան առջեւ դրաւ նոր մարտահրաւէրներ։ Արեւմտահայերէնը կորսնցնելով հայախօս համայնքներու ամուր կռուանները, կորսնցուց իր ուսուցման, փոխանցման աւանդական յենարանները։ Անհրաժեշտութիւն ծագեցաւ լեզուի փոխանցման նոր համակարգի, նոր հայեցակարգի, նոր կառոյցներու ստեղծումին համաշխարհայնացման ու Հայաստանի հանրապետութենէն Արեւելահայութեան զանգուածային արտագաղթով պայմանաւորուած։
Հաստատութենական առումով, միայն Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնն (ԳԿՀ) է, որ 2014-էն ասդին, արեւմտահայերէնի զարգացման հնգամեայ ծրագիր մշակեց, որուն նպատակն էր՝ արեւմտահայերէնի ուսուցումը, փոխանցումը եւ իւրացումը։ Լեզուի կենսունակութիւնը պահպանելու համար մանկավարժական ու մասնագիտական ընդարձակ շրջանակի մը ներգրաւումը եւ դրամական մեծ միջոցներու յատկացումը այս գործին իրականացումին համար գրաւականն են անոր լրջութեան եւ անդիւնաւէտութեան։
Այս ընթացքին ո՛չ եկեղեցին, ո՛չ կուսակցութիւնները, ո՛չ ալ բարեսիրական կազմակերպութիւնները նախատեսեցին ու ծրագրեցին հայերէնի ուսուցման ու փոխանցման նոր համակարգի մը հաստատումը։ Բացառութիւնները յարգելով, վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին անհատներ եւ տեղական համայնքներ են, որոնք նախաձեռնեցին եւ ստանձնեցին նոր դպրոցներ հիմնելու գործը։ Եղան նաեւ մտաւորականներ, ուսուցիչներ, անհատներ որոնք նորարարական մանկավարժական ծրագրեր յղացան։
Ի դէպ պէտք է անդրադառնալ կարեւոր այլ երեւոյթի մը եւս։ 1991-ին, Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք, հետաքրքրական է նկատել, որ Անկախութեան երեսուն տարիներուն, Հայաստանէն դէպի Ռուսաստան ու դէպի Արեւմուտք Հայաստանցիներու լայնածաւալ արտագաղթին դիմաց, բազմաթիւ Արեւմտահայեր՝ մեծամասնաբար Միջին Արեւելքէն ներգաղթեցին Հայաստան, եւ ցայսօր շուրջ 20.000-էն 30.000-նոց արեւմտահայ համայնք մը գոյացած է Երեւանի մէջ եւ շրջակայքը։ Բնականաբար ան կրնար շատ աւելի ստուարածաւալ ըլլալ, եթէ երկիրը կաշառակերութենէ եւ ԽԾԲ (խնամի-ծանօթ-բարեկամ) յարաբերութենէ դուրս գար եւ զարգացման առաքինավար, արդարամիտ կառավարման համակարգ մը ընդունէր։ Նոյնիսկ արեւմտահայ այս համայնքին լեզուական ժառանգութիւնը պահպանելու համար ո՛չ մէկ քայլ առնուած է, ո՛չ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, ո՛չ ալ սփիւռքեան համահայկական կառոյցներու եւ կուսակցութիւններու, որոնք Հայաստան հաստատուած են։ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին թէժ օրերուն, երբ Հալէպահայերու զանգուածային հոսք տեղի ունեցաւ դէպի Երեւան, Սուրիահայերու յատուկ դպրոց մը բացուեցաւ ու շուտով գոցուեցաւ անհանդուրժողութեան անյստակ պայմաններու մէջ։
* * *
Արդ, լեզուական այս ճգնաժամային համապատկերին առջեւ, ԳԿՀ-ի յղացած ու նախաձեռնած ծրագրերը հետզհետէ աւելի ու աւելի նպատակասլաց դարձան։ Անցեալ Հոկտեմբեր 16-ին, ԶՆՏՈՒԿ – առցանց արեւմտահայերէն մանկավարժական աղբիւրներու շտեմարան-կայքէջին պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ, որ օգտակար է Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման տարատեսակ կառոյցներու, ըլլա՛յ միօրեայ, ամէնօրեայ, ակումբային թէ ընտանեկան։
Սակայն, նախքան ԶՆՏՈՒԿ-ի հիմնադրումը, կազմակերպուած էին զանազան միջազգային համալսարանական հաւաքներ, Փարիզ եւ Օքսֆորտ, մասնագիտական փորձառական հաւաքներ Փորթուկալի, Արժանթինի եւ ԱՄՆ-ու մէջ։ «Նոր Յառաջ», իր էջերով օրը-օրին բազմաթիւ անգամներ զեկուցած է ԳԿՀ-ի մանկավարժական, ուսուցողական ու գրական զանազան հանդիպումներու բովանդակութեան մասին։ Նախքան ԶՆՏՈՒԿ-ի ծնունդը, լեզուի իւրացումի հիմնարար նախաձեռնութիւն էր ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-ի ամառնային ճամբարի ստեղծումը, որ երեք տարի շարունակական կերպով գործեց ու կատարելագործուեցաւ։ Չորորդ ու հինգերորդ տարիներուն ծրագիրը պատրաստուեցաւ, սակայն չիրականացաւ պսակաձեւ ժահրին պատճառով։ ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-ը չիրականացաւ, սակայն փոխակերպուեցաւ ԶԱՐՑԱՆՑ-ի։
ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-ը ամռան՝ Յուլիս-Օգոստոսի շրջանին, մէկ ամսուան համար աշխարհի տարբեր ծագերէն պատանիներ, երիտասարդներ եւ ուսուցիչներ համախմբող ստեղծագործական, նորարարական, մանկավարժական զանազան աշխատանոցներ կազմակերպող, արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը պրպտող ու ծրագրող, այլազան միջոցներ ի յայտ բերող ծրագիր մըն է, որ կ՚իրականանայ ամառնային ճամբարով։ Այս առթիւ ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-ի կրթական մարմինը ձեւաւորուեցաւ. ան եւս աշխարհի տարբեր անկիւններէ ի մի եկած՝ զանազան ձիրքերու տէր արհեստավարժ ուղեկիցներով, որոնք լծուեցան լեզուն, արեւմտահայերէնը նորովի գործածելու տարբեր եղանակներ որոնելու գործին, հեռու դասաւանդութեան աւանդական եղանակներէ։
ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-ը հայերէնախօսութեան շուրջ կազմակերպուած ամառնային ճամբար է։ Ճամբար որուն կազմակերպումին, ծրագրումին առանցքը կը կազմէ՝ մասնակիցներ ընդունելու կարգին՝ հայերէնը ստեղծարար մթնոլորտի մէջ գործածելու խնդիրը, հայերէնով կեանքը ապրելու առիթի ընծայումը։ Կարենալ ամիս մը ապրիլ, աշխարհը ընկալել հայերէնով։ Ճամբար մը, ուր մանուկները, պատանիները կը մտնեն իրենց տնային կամ դպրոցական հայերէնով եւ դուրս կու գան հաճոյքով հայերէնով հաղորդակցելու, մտածելու, խաղալու միջոցներ ձեռք բերած, հայերէնով արտայայտուելու, ստեղծագործելու փորձեր կատարած, հայերէն լեզուի զանազան՝ խօսակցական, գրական, գիտական, գեղարուեստական… մակարդակներու հաղորդակից դարձած։ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ ճամբարը երեք տարիէ ի վեր դարձած էր այն եզակի վայրը, ուր աշխարհի չորս ծագերէն մանուկներ պատանիներ ու չափահաս ուղեկիցներ միասնաբար ստեղծած էին այն տարրալուծարանը, ուր շատ հետաքրքրական փորձարկումներ կը կատարուէին արեւմտահայերէն լեզուի կենսունակ իւրացումին շուրջ։
ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-ը ծնունդ տուաւ ԶԱՐՑԱՆՑ-ին, պսակաձեւ ժահրին պատճառով, երբ անկարելի դարձաւ ֆիզիքական մասնակցութիւն՝ ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ ճամբարին։ Պէտք էր խորհիլ ու կազմակերպել այլ միջոց մը, հնարքներ որոնել իրականացնելու համար ԱՌՑԱՆՑ ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-ը, որ կոչուեցաւ ԶԱՐՑԱՆՑ։ ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-ի ընթացքին իրարու հետ ընկերացած պատանի-երիտասարդները երկու տարի շարունակ առանց կապի ձգելը ափսոս էր։ Ընկերութիւնները ամրապնդելու համար պէտք է բոլոր միջոցները ներդնել, մա՛նաւանդ ներկայ թուային աշխարհին մէջ, ուր առցանց հանդիպումները պայմաններու բերումով կը փոխարինեն ֆիզիքական հանդիպումները։ Այսպէսով ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-ը փոխարինուեցաւ ԶԱՐՑԱՆՑ-ով։
Տեղեկատուական աշխարհի արհեստագիտութեան կարելիութիւնները բազմազան են, կը բաւէ որ ճիշդ անձը գտնուի, որ հնարքներով կը յայտնաբերէ ու լուծումներ կը գտնէ անկարելին կարելի դարձնելու համար։ Այսպէս՝ ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-էն ԶԱՐՑԱՆՑ անցումը տեղեկատուական արհեստագիտութեան մեծ ոստում էր։ Ո՛չ ոք կը հաւատար որ՝ նման անցում հնարաւոր է։ Ստեղծել հարթակ մը 80-էն 100 մասնակիցի համար, որոնք տարածուած են աշխարհի 14 երկիրներու մէջ, որոնք ունին երբեմն ժամային կիսօրեայ (12 ժամուան) տարբերութիւն, կազմակերպել ստեղծագործական աշխատանոցներ, հանդիպումներ, զրոյցներ, տեսանիւթեր, խաղեր, երախաներով՝ երախաներուն համար։ Այս առումով, պէտք է շնորհաւորել ԶԱՐՑԱՆՑ-ի արհեստագիտական բաժնի ճարտարապետը՝ Վահագն Քէշիշեանը։ Կատարածը հրաշալի է։ ԶԱՐՑԱՆՑ-ը իսկական լաբիւրինդոս մըն է, որուն մէջ երբ ոտքդ դնես՝ կը հմայուիս, կը տարուիս, աշխատանոցէ-աշխատանոց կ՚ոստոստես, գլխապտոյտ տուող յայտագրի մը ճիւղաւորումներուն մէջ, երբ Ֆրանսայի ժամով 13-ն է, Փորթուկալի ժամով 12-ը, Միջին Արեւելքի՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ՝ 14, իսկ ԱՄՆ-ու արեւելեան ափը կամ Արժանթին՝ առտուան ժամը 8-ն է։ Օրուան աշխատանոցները ե՞րբ կը սկսին, ե՞րբ կը դադրին, կազմակերպիչնե՛րը գիտեն։ Իսկ մասնակիցները՝ իւրաքանչիւրը ըստ իր բնակած երկրին՝ ունին իրենց ժամերը, ընտրութիւն կը կատարեն, իրենց նախընտրած աշխատանոցներուն կ՚արձանագրուին։ Զիրար բարեւելու, բարի լոյս ըսելու զոյգ պահեր կան, ըստ աշխարհամասին։ Իւրաքանչիւր մասնակից բարի լոյս ըսելու իր եղանակը կ՚ընտրէ տեսանիւթով մը, նկարով մը, խօսքով մը…։ Փառք տանք արդի խելախօսներուն, որոնց միջոցով կարելի է արեւածագը նկարել, առտուան նախաճաշի սեղանը, անուշը, կարագը, հացի պատառը, որ նախքան բերան մտնելը կ՚աւետեն առաւօտը… եւ կամ՝ հայելիի առջեւ մազ սանտրելը, կամ պարապ անկողինը, տակաւին չկոկուած… Այսպէս, առաւօտը, օրուան սկիզբը պատկերելու բազմաթիւ միջոցներ կան, բոլորն ալ առիթ են առցանց կապեր ստեղծելու, համայնքի մը անդամները իրարու հաղորդակից դարձնելու։
Յետոյ, կը սկսին աշխատանոցները, որոնց անուանումն ու բովանդակութիւնը ինքնորոյն են, մանուկներու երեւակայութեամբ կնքուած՝ «համով-հոտով», «Չափագիտաստան», «նկար // ու // չկար», «Եկէ՛ք խզբզենք», «կրկնանկար», «մարդագայլ»…
Կան նաեւ աշխատանոցներ, որոնք կը համախմբեն բոլոր մասնակիցները, նոյնիսկ ծնողները կրնան մասնակցիլ, ինչպէս Պայթոցարանը՝ տեսակ մը հարթակ, որ կը ղեկավարուի Սեւանա Չաքրեանի եւ Վահան Քերովբեանի կողմէ, ուր օրուան ընտրուած թեմային շուրջ զրոյցներ, փորձարկումներ, ներկայացումներ, աշխատանոցներու ցուցադրութիւններ կը կատարուին…
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» ■