Սեպտեմբեր 15-ին, Նետերլանտներու Ալմելօ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխը եւ տեղւոյն հայ համայնքը մեծ շուքով նշած են եկեղեցւոյ օծման 20-ամեակը:
Քաղաքին մէջ առաջին եկեղեցին հիմնադրուած էր 1991-ին, համայնքի նուիրատւութեամբ գնուած մանկապարտէզի շէնքին մէջ: Հետագային, այդ շէնքի վաճառքէն եւ համայնքին կողմէ հանգանակութեամբ գոյացած գումարով 2002-ին նախաձեռնուած է նոր Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառուցումին։ Սրբատեղին օծուած է 2003-ի աշնան։
Խաչվերացի տօնին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ Ալմելոյի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է։ Պատարագիչն էր՝ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ թեմի առաջնորդական տեղակալ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան, որ իբրեւ Արեւմտեան Եւրոպայի նախկին հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ երկար տարիներ եղած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։
Պատարագին մասնակցած է շուրջ 1000 հայ հաւատացեալ. ներկայ եղած են Նետերլանտներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վիկտոր Պիագով, ինչպէս նաեւ ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներու հոգեւորականներ։ Արարողութեան ընթացքին կարդացուած է Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը՝ նուիրուած եկեղեցւոյ 20-ամեայ յոբելեանին։ Քարոզած է Խաժակ արք․ Պարսամեան։ Պատարագի աւարտին կատարուած է մատաղօրհնէքի կարգ, իսկ Խաչվերացի տօնին առիթով օրհնուած է Սուրբ Խաչը զարդարող ռեհանը։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, շուրջ 800 հոգի հաւաքուած է սիրոյ սեղանին շուրջ, ուր տեղի ունեցած է տօնական հանդիսութիւն, որու ընթացքին գնահատանքի գիրեր եւ յուշանուէրներ ստացած են՝ ծուխի ձեւաւորման եւ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն աջակցած անցեալի ու ներկայի նուիրեալները։
Խաժակ արք․ Պարսամեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, թէ 20-ամեակի յոբելեանը հրաշալի առիթ է՝ յիշելու անցեալը, տօնելու ներկան եւ ծրագրելու ապագան։ Անդրադառնալով անցեալին՝ ան բարձր գնահատած է այն մարդիկը, որոնք տեսիլք ունէին եկեղեցի կառուցելու եւ անոնք, որոնք վերջին 20 տարիներու ընթացքին անընդմէջ բաց պահեցին եկեղեցւոյ դռները՝ ապահովելով Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան շարունակականութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է հոգեւորականներուն, ծխական խորհուրդին, տիկնանց միութեան անդամներուն, դպրոցի ուսուցիչներուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Ապագային մասին խօսելով Սրբազան հայրը ուրախութեամբ ընդգծած է սոյն հանդիսութեան մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութիւնը։ Ան քաջալերած է երիտասարդները իրենց լիարժէք մասնակցութիւնը բերելու ծուխի կառավարման՝ նպաստելով անոր հետագայ զարգացման ու զօրացման։
Իր խօսքի աւարտին, Խաժակ արք․ Պարսամեան կրկին ջերմօրէն շնորհաւորած է եկեղեցւոյ հոգեւորականները, նախկին եւ ներկայ եկեղեցական խորհուրդներու անդամները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք տարիներ առաջ մասնակցած էին եկեղեցւոյ կառուցման համար իրականացուող հանգանակութեան արշաւին եւ կամաւորական աշխատանքներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց նուիրական գործն ու պատուոյ գիրեր յանձնած է ազգօգուտ գործունէութիւն ծաւալած ազգայիններու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։