Search
Close this search box.

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէի անակնկալ այցը Երեւան

Հակառակ նա­խագահ Մաքրո­նի ֆրան­սա­կան խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րուն կրած պար­տութեան եւ անոր պատ­ճա­ռով նոր կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու տագ­նա­պին, Ֆրան­սա­յի դի­ւանա­գիտու­թիւնը չէր կրնար ան­գործու­թեան մատ­նուիլ ի տես մի­ջազ­գա­յին գեր­լա­րուած քա­ղաքա­կան իրա­վիճա­կին եւ իր ազ­գա­յին շա­հերուն։ Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հը, ան­կասկած նո­ր­ա­ն­շա­նակ վար­չա­պետ Մի­շել Պար­նիէի հա­ւա­նու­թեամբ, առանց սպա­սելու նոր կա­ռավա­րու­թեան կազ­մութեան,– որ կրնայ ժա­մանա­կատար ըլ­լալ–, նկա­տի առ­նե­լով ներ­քին քա­ղաքա­կան կեան­քին տագ­նա­պի սրու­թիւնը, դի­ւանա­գիտա­կան անակնկալ ու շտա­պողա­կան շրջապ­տոյտի գոր­ծուղեց Կապ­րիէլ Աթ­թա­լի հրա­ժարեալ կա­ռավա­րու­թեան Արտաքին գործոց նա­խարա­րը՝ Սթե­ֆան Սե­ժուրնէն՝ դէ­պի Հա­յաս­տան, Յու­նաստան, ապա՝ Մոլ­տաւիա։ Ին­չո՞ւ նա­խա­պատ­ւութիւ­նը տալ այս երեք եր­կիր­նե­րուն, սկսե­լով Հա­յաս­տա­նէն։ 

Մեկ­նե­լով նա­խարա­րին՝ ու­ղե­ւորու­թենէն առաջ կա­տարած յայ­տա­րարու­թե­նէն, Եւ­րո­պայի խա­ղաղու­թեան թե­ման եւ մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան աս­պա­րէզին մէջ Ֆրան­սա­յի յանձնա­ռու­թիւննե­րը կը հան­դի­սանան եր­կու գլխա­ւոր դրդա­պատ­ճառնե­րը. «Ֆրան­սա­կան դի­ւանա­գիտու­թիւնը աշ­խուժօ­րէն կը հա­մագոր­ծակցի երեք գոր­ծընկեր­նե­րու հետ, ի շահ Եւ­րո­պայի խա­ղաղու­թեան, ինքնիշ­խա­նու­թեան եւ յա­նուն Եւ­րո­պայի։ Հա­յաս­տանն ու Մոլ­տաւիան ընտրած են ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը, ան­կա­խու­թիւնը եւ դէ­պի Եւ­րո­պա տա­նող ու­ղին ու կը բա­խին ապա­կայու­նացման փոր­ձե­րու եւ անըն­դունե­լի ճնշու­մի»։ 

Իրօք, Հա­յաս­տա­նի պարագային՝ Փու­թի­նի Պա­քու այ­ցէն ետք սաստ­կացան ռուսական եւ ազե­րական ճնշումնե­րը, յատ­կա­պէս ինչ կը վե­րաբերի Նո­յեմ­բեր 9-ի հրա­դա­դա­րի հա­մաձայ­նութեան 9-րդ կէ­տին, «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ին ռու­սա­կան վե­րահսկո­ղու­թեան պայ­մաննե­րուն տակ գոր­ծե­լու պահանջին։ Սոյն ծրա­գիրը առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Ռու­սաստա­նի հաս­ցէին Իրա­նի սաս­տիկ սուր հա­կազ­դե­ցու­թեան ար­ժա­նացաւ։ Առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ալ Ռուսաստսանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մա­րիա Զա­խարո­վա յայ­տա­րարեց որ Ռու­սաստան նկա­տի կ՚առ­նէ Իրա­նի առար­կութիւննե­րը։

Ֆրան­սա­յի Արտաքին գործոց նա­խարարին ճամ­բորդու­թիւնը կ՚ար­ձա­նագ­րուի այս են­թա­խոր­քին վրայ. գլխա­ւոր նպա­տակն է Հա­յաս­տա­նի վրայ ռուս-ազե­րական ապա­կա­յու­նա­ցնող ճնշու­մին դէմ պայ­քա­րը չթո­ղել Իրա­նի քա­ղաքա­կան են­թա­կայու­թեան, ամ­րապնդել եւ­րո­պական ներ­կա­յու­թիւնը եւ ռուս-ուքրաինա­կան պա­տերազ­մի լոյ­սին տակ չէ­զոքաց­նել ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թեան լծակ­նե­րը տա­րածաշրջա­նին մէջ։ 

Ռու­սա­կան թղթած­րա­րին կից կայ նաեւ Ալիեւի հա­կաֆ­րանսա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը որ ուժգին դրդա­պատ­ճառ է Փարիզէն դի­ւա­նա­­գիտա­կան առա­քելու­թեան գոր­ծուղ­ման Երեւան։ Պաքուի այս հա­կաֆ­րանսա­կանու­թիւնը կը դրսե­ւորուի Նոր Գա­լետո­նիոյ ան­ջա­տողա­կան, Գոր­սի­քայի «ազա­տագ­րութեան» շար­ժումնե­րուն նե­ցուկ հան­դի­սացող նա­խաձեռ­նութիւննե­րով, ֆրան­սա­կան գա­ղու­թա­տիրա­կան ան­ցեալը յա­ճախա­կի թի­րախա­ւորող քա­րոզ­չութեամբ, ինչպէս նաեւ Ազեր­պայճա­նի դէմ պա­տերազ­մ հրահ­րե­լու նպա­տակով Հա­յաս­տա­նը զի­նելու ամ­բաստա­նու­թեամբ։ 

Ֆրան­սա­կան եւ իրա­նական հա­կազդե­ցու­թիւննե­րը ռուս-ազե­րական նկրտումնե­րուն՝ իրար­մէ ան­ջատ նա­խաձեռ­նութիւններ ըլլալով հան­դերձ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան՝ խաղաղու­թեան օրա­կար­գին նե­ցուկ հան­դի­սացող զօ­րաւոր ազ­դակներ են։

Այս առ­թիւ ֆրան­սա­ցի նա­խարա­րը առի­թը չփախ­ցուց Պա­քուի յի­շեց­նե­լու խա­ղաղու­թիւն կնքե­լու ստի­պողու­թիւնը, Երե­ւանի մէջ իր տուած մամ­լոյ ասու­լի­սի ըն­թացքին. «Քա­նի որ Ազերպայճա­ն ի մօտոյ պի­տի հիւ­րընկա­լէ COP29-ի հա­մագու­մա­րը, Պա­քուի պար­տա­կա­նու­թիւնն է ցոյց տալ, որ իս­կա­պէս կը ձգտի խա­ղաղու­թեան մին­չեւ COP29-ը։ Կար­ծեմ թէ մենք պէտք է կա­րենանք այս ուղղու­թեամբ շար­ժիլ շատ արագ»։

Ժ.Չ. ■