ԱՄՆ-ու փոխնախագահ, նախագահի պաշտօնի թեկնածու Քամալա Հարիս՝ Հայաստանի «Անկախութեան օր»-ուան առիթով Սեպտեմբեր 23-ին ԱՄՆ-ու Հայ համայնքին ուղղուած իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ յատկապէս նշած է.
«Երբ մենք կը տօնենք այս օրը, նաեւ պէտք չէ երբեք մոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ շուրջ 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպանուեցան եւ քշուեցան դէպի մահուան երթ: Այս ողբերգութիւնը կը շարունակէ ձեւաւորել հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը։ Հայ-ամերիկեան համայնքին տոկունութիւնը կը մնայ ոգեշնչումի աղբիւր ամերիկեան մեր հաւաքական պատմութեան մէջ: Ես հաւատարիմ կը մնամ Հայաստանի եւ անոր դրացիներուն միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու գաղափարին՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքի վրայ:
Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերուն՝ իրենց տուները ապահով վերադառնալու իրաւունքը կարեւոր է հայ ժողովուրդի արժանապատւութեան վերականգնումին եւ տարածաշրջանին կայունութեան համար։
Պիտի շարունակեմ աջակցիլ Հայաստանին՝ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն խթանելու ջանքերուն: Հայաստան եւ իր ժողովուրդը ունին հարուստ պատմութիւն, որ բոլորս կ՚ոգեշնչէ ձգտելու ազատութեան եւ արդարութեան:
Ես հաւատարիմ կը մնամ մեր ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման եւ գործընկերութեան ամրապնդման։ Միասին մենք կրնանք կառուցել աւելի ապահով, արդար եւ ազատ աշխարհ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։