Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր տաճարի վերաօծման արարողութեան յաջորդող շաբթուան բոլոր օրերը՝ Սեպտեմբեր 30-էն Հոկտեմբեր 6, ժամը 19-ին, Մայր տաճարին մէջ կը մատուցուի սուրբ պատարագ՝ հայրենիքի խաղաղութեան եւ անսասանութեան, մեր ժողովուրդի անվտանգ ու բարօր կեանքի, ինչպէս նաեւ անհետացած, գերութեան մէջ գտնուող եւ զոհուած մեր զաւակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար։
Սիրով կը հրաւիրենք բարեպաշտ մեր ժողովուրդը մասնակցելու մատուցուելիք սուրբ պատարագի արարողութիւններուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։