Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) կազմակերպած «Ժողովրդավարութեան արդիւնքները» խորագրով քննարկման։
Նախ խօսք առած է ԱՄՆ-ու ՄԶԳ-ի ղեկավար Սամանթա Փաուըր, յայտարարելով թէ իրենք կ՚աշխատին Գոնկրէսի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, որպէսզի Հայաստանին տրուի 20 միլիոն տոլար` ուղղուած համացանցային, սահմանային եւ ուժանիւթային անվտանգութեան խթանման, ինչպէս նաեւ դիմադրողականութեան բարձրացման։
Իր կարգին, վարչապետը նշած է, թէ 2018-ի յեղափոխութենէն ետք, հայ հասարակութիւնը այլեւս ոչ մէկ կասկած ունի, որ ընտրութիւնները կ՚արտայայտեն ժողովուրդին կամքը՝ աւելցնելով, թէ այս խնդիրը այլեւս լուծուած է։
“Յաջորդ շատ կարեւոր հարցը ժողովրդավարութիւնն է, որ ազատ տնտեսական գործունէութեան կարելիութիւն կ՚ընձեռէ բոլորին։ Նախապէս Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէին մենաշնորհներ ու սահմանափակումներ որոշ տնտեսական գործունէութիւններու համար։ Այսօր այդ հարցը նոյնպէս լուծուած է, քանի հասարակութիւնը առիթ ունի քննարկելու անցեալը, ներկան ու ապագան։ Կ՚ենթադրեմ, թէ` սա շատ կարեւոր հանգամանք է, որովհետեւ կառավարութեան՝ խաղաղութեան օրակարգը որդեգրած ըլլալը նոյնպէս ժողովրդավարութեան շնորհիւ է եւ շատ կարեւոր է այս օրակարգին յաջողութեամբ պսակուիլը”,– իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծած է Փաշինեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։