Search
Close this search box.

ԼԻԲԱՆԱՆ – Հեզպալլահի առաջնորդը՝ Նասրալլահ սպանուած է իսրայէլեան յարձակման մը ընթացքին

Իսրայէլ, Լիբանանի մէջ Հեզպալլահի անդամներու գործածած հաղորդակցութեան սարքերու պայթեցման յաջորդական երկու ալիքներով ու այնուհետեւ  ալ օդային ռմբակոծումներով սկսած Լիբանանի վրայ յարձակումը կը շարունակէ։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27-ին, ի շարս ալ ռմբակոծումներու,– որոնք ցայսօր բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներու կեանքեր ալ խլած են,– թիրախային յարձակում մըն ալ գործած է Հեզպալլահի կեդրոնատեղիին վրայ, ուր այդ պահուն ըստ երեւոյթին կը գումարուէր ժողով մը, որու կը մասնակցէր նաեւ Հեզպալլահի ղեկավար Հասան Նասրալլահ, որ մահացած է, ինչպէս նաեւ հինգ ուրիշներ։ 

Ինչպէս կարելի է երեւակայել, այս մահափորձը ահաւոր երկրաշարժի մը ազդեցութիւնը գործած է արաբական աշխարհին եւ Հեզպալլահի աջակից Իրանի մէջ։ Թեհրան անմիջապէս ահազանգային վիճակի անցած է եւ իր հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլահ Խամենէին գաղտնի տեղ մը փոխադրած է։ Ի դէպ, կարելի է հարցադրուիլ, թէ «գաղտնի»-ն որքանո՞վ գաղտնի կը մնայ իսրայէլեան հետախուզութեան համար, քանի որ Նասրալլահ ալ ըստ երեւոյթին երկար տարիներէ ի վեր բացառիկ զգօնութիւն կը ցուցաբերէր, թէապէս երբեք ոչ ոք գիտէր, թէ ո՞ւր է ան։ Նասրալլահ նոյնիսկ համակիրներուն իր պատգամները կը յղէր ամէն անգամուն տարբեր, անծանօթ վայրէ մը։ 

Իրաց այս կացութեան մէջ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27-ին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած իր ճառին մէջ,– առանց դոյզն կաշկանդումի, հակառակ իր դէմ արձակուած միջազգային ծանր վճիռներուն եւ տեղւոյն վրայ իր հասցէին բուռն սուլոցներուն, ամբաստանական հառաչանքներուն,– յայտարարած է, թէ ցորչափ իր երկիրը ենթակայ մնայ գոյութենական սպառնալիքի, այնքան ատեն պիտի շարունակէ պատերազմը։ Ան ցոյց տուած է Մերձաւոր Արեւելքի երկու քարտէս, մէկը՝ «չարիքի եւ ահաբեկչութեան» եւ միւսը՝ «բարիքի ու խաղաղութեան». յատկապէս մատնացոյց ըրած է Իրանը, որ «կը փափաքի Իսրայէլի անհետացումը» եւ ստեղծած է «ահաբեկչութեան կամար» մը, որուն տակ կը գտնուին նաեւ Իրաք եւ Սուրիա։ Այլ խօսքով՝ ըստ Իսրայէլի վարչապետին՝ «Իրան տարածաշրջանին մէջ կը պարտադրէ ահաբեկչութիւն»։ Ուշադրութիւն գրաւած է անոր յատկապէս «չարիքի քարտէս»-ը, ուր ո՛չ Կազայի գօտիէն նշոյլ կայ եւ ոչ ալ Այսրյորդանանէն, այլ կայ միայն «մեծ Իսրայէլ» մը։