Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արման Յակոբեան Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակուած է

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Արման Յակոբեան Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակուած է։

Ան մասնագիտութեամբ արևելագէտ է։ Կը տիրապետէ ան­գլե­րէն, ֆրան­սե­րէն, ռու­սե­րէն, ա­րա­բե­րէն, եբ­րայե­րէն, փորթուկալերէն, լա­տի­նե­րէն լեզուներուն։ Դիւանագիտական 30-ամեայ աշխատանքի փորձառութիւն ունի։ Անցեալ տարուընէ ի վեր Պրազիլի մէջ Հայաստանի դեսպանն էր։

Յակոբեանի նստավայրը Թէլ Աւիւ պիտի ըլլայ։