Search
Close this search box.

Երեւանի եւ Հռոմի միջեւ ստորագրուած է «Բարեկամութեան եւ համագործակցութեան» համաձայնագիր

Պաշտօնական այցով Իտալիոյ մայրաքաղաք այցելած Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Ավինեան Սեպտեմբեր 30-ին հանդիպում ունեցած է Հռոմի իր պաշտօնակից Ռոպերթօ Կուալթիերիի հետ:

Ընդգծելով երկու երկիրներու միջեւ առկայ տնտեսական ու մշակութային ամուր կապերը` կողմերը համոզում յայտնած են, որ երկու մայրաքաղաքներու միջեւ հաստատուող գործակցութիւնը եւս զարգացման եւ ընդլայնման մեծ հեռանկար ունի:

Պաշտօնական հանդիպումին յաջորդած է «Բարեկամութեան եւ համագործակցութեան» համաձայնագրի ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ստորագրուած փաստաթուղթով գործակցութիւն կը ծաւալի քաղաքային կառավարման, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, կրթութեան ու մշակութային եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան ու համագործակցութեան պատրաստակամութեան համար՝ Տիգրան Ավինեան Հռոմի քաղաքապետը հրաւիրած է Երեւան: