Search
Close this search box.

Հայ մամուլը ապագայ ունի՞ Սփիւռքի մէջ

Հոկտեմ­բեր 4-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հան­րա­յին հա­ւաքը «Նոր Յա­ռաջ»-ի ապա­գային նուիրուած։ Սփիւռք ու Հա­յաս­տան կը դի­մագ­րա­ւեն գո­յու­թե­նական մար­տահրա­ւէր­ներ, որոնք կը պա­հան­ջեն հե­տեւո­ղական խորհրդա­ծու­թիւն, քննար­կում եւ վեր­լուծում։ Մա­մու­լը կանգնած է այս հար­ցե­րու ամէնօրեայ լու­սա­բանու­մի առանցքին։ Ան­կախ լրագ­րողներ եւ տե­ղեկատ­ուական հար­թակներ կը մեկ­նա­բանեն ու կը վեր­լուծեն պե­տական ու կու­սակցա­կան ու­ժե­րու գոր­ծունէու­թիւնը, քա­ղաքա­կան ծրա­գրե­րը։ «Նոր Յա­ռաջ», իբր սփիւռքա­հայ լրա­սփիւռ, բնա­կանա­բար կը քննար­կէ հայ­կա­կան իրա­կանու­թիւննե­րը։ 

Որ­քան որ Հա­յաս­տա­նի լրա­սփիւռնե­րը իրենց խայ­տաբղէ­տու­թիւնն ու կեն­սունա­կու­թիւնը կը պարտին պե­տա­կան հա­սարա­կար­գի գո­յու­թեան, այնքան ալ Սփիւռքի պա­րագա­յին, աւե­լի ճիշդ է ըսել՝ Սփիւռքնե­րու պա­րագա­յին, անոնց ան­կազմա­կեր­պութիւ­նն ու երկպառակու­թիւնը կը սահ­մա­նափա­կեն սփիւռքա­հայ լրա­սփիւռի զար­գացման մի­ջոց­նե­րը։

Ներ­կա­յիս «Նոր Յա­ռաջ» կը գտնուի գո­յու­թե­նական ան­կիւնա­դար­ձա­յին հանգրուանի, խմբագ­րա­կան իր դիր­քո­րոշու­մին պատ­ճա­ռով։ Քա­ղաքա­կան ճնշու­մի են­թա­կայ է։ Յա­ճախ, անդրա­դարձ կ՚ըլ­լայ սփիւռքա­հայ մա­մու­լի տնտե­սական տագ­նա­պին, առանց անոր գլխա­ւոր դրդա­պատ­ճա­ռին ակ­նար­կե­լու։ 

Սփիւռքի ան­կազմա­կերպ հա­սարա­կու­թիւնը եւ կազ­մա­կեր­պուած կա­ռոյց­նե­րու քա­ղաքա­կան երկփեղ­կումը կը դժուարաց­նեն թեր­թի մը հրա­տարա­կու­թիւ­նը, որ կ՚ապ­րի իր ըն­թերցող­նե­րուն շնոր­հիւ։ Գլխա­ւոր հար­ցումը այն է թէ ար­դեօք ան լիար­ժէք կը կա­տարէ՞ իր առա­քելու­թիւնը։ Եթէ դրա­կան է պա­տաս­խա­նը, անոր գո­յու­թիւնը իմաստ մը ու­նի, այ­լա­պէս պէտք չէ զղջալ փա­կումը։ Եթէ ապա­գային զար­գա­նալու կարելիու­թիւն ու­նի՝ կ՚ար­ժէ ջանք թա­փել շա­րու­նա­կելու։ Երբ մա­մու­լը կը ստեղ­ծէ հա­կադրու­թիւն, սա կը նշանակէ թէ ան կը ծա­ռայէ քա­ղաքա­կան գի­տակ­ցութեան մը զարթնու­մին։ Ու­րեմն, ու­նի դրա­կան դե­րակա­տարու­թիւն հա­սարա­կու­թեան հա­մար։ Այս դե­րակա­տարու­մը որ­քան որ անհրա­ժեշտ է, սա­կայն ան­բա­ւարար է թեր­թի մը գո­յատե­ւու­մը ապա­հովե­լու. պէտք է այսպէս կո­չուած՝ «կրի­դիկա­կան զան­գուած մը», հե­տաքրքրուող­նե­րու նուազա­գոյն քա­նակ մը ապա­հովել։ Այստեղ է «Նոր Յա­ռաջ»-ի եւ այլ սփիւռքեան լրա­սփիւռնե­րու գլխա­ւոր մար­տահրա­ւէրը։ 

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը, ուզենք կամ չու­զենք, հայ­կա­կան աշ­խարհի մէջ կեդ­րո­նական դե­րակա­տարու­թիւն ու­նի։ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան դա­սու երկփեղ­կումը Սփիւռքի մէջ ու­նի իր հա­յելա­կան ար­ձա­գան­գը։ Ներ­կա­յիս, Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը գտնուին ամէ­նէն ցած մա­կար­դա­կին։ Սփիւռքի կազ­մա­ւորուած կա­ռոյցնե­րու մե­ծագոյննե­րը՝ Առա­քելա­կան եկե­ղեցի, ՀՅԴ, Բա­րեգոր­ծա­կան կը հա­կադ­րուին ժո­ղովրդա­վար քուէով ընտրուած «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր» կու­սակցու­թեան կազ­մած կա­ռավա­րու­թեան։ Ան­խուսա­փելի տագնապ մըն է, որ 30 տա­րուան ըն­թաց­քին հա­սունցաւ հաս­նե­լու հա­մար պայ­թուցիկ վի­ճակի, ինչպէս որ պա­տահե­ցաւ 2020-ի պա­տերազ­մէն ետք։ Այս տագ­նա­պը որ­քան ալ ծանր ըլ­լայ, պէտք է ըն­դունիլ իբր նոր իրա­վիճակ մը ստեղ­ծե­լու իր կարելիու­թեամբ։

Մա­մու­լը Սփիւռքի գո­յատե­ւու­մին զօ­րակ­ցող յե­նարան­նե­րէն է։ Միակը չէ։ Եւ բնաւ կար­ճա­ժամ­կէտ հա­յեաց­քով պէտք չէ գնա­հատել։ Օրի­նակի հա­մար՝ ին­չո՞ւ դպրոց մը հիմ­նել, գիտ­նա­լով որ ար­դիւնքը միայն 20-25 տա­րի ետք տե­սանե­լի պի­տի դառ­նայ։ Ին­չո՞ւ եկե­ղեցի մը հիմ­նել կամ մշա­կու­թա­յին տուն մը։ Եր­կա­րաժամ­կէտ հե­ռան­կա­րով այս կա­ռոյցնե­րը կ՚իմաս­տա­ւորուին։

33-ամեայ Հա­յաս­տան պե­տու­թիւ­նը դեռ վի­րաւոր է։ Որ­քա՜ն կեան­քեր զո­հուե­ցան, որ­քա՜ն ծրա­գրեր ոչնչա­ցան, որ­քա՜ն դրա­մագ­լուխներ մսխուեցան Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հա­մար։ Նոյնքան ալ Սփիւռքը օգ­նութեան կա­րիքն ու­նի։ Սփիւռքա­հայ մտա­ւորա­կան խաւ մը կ՚առա­ջար­կէ Սփիւռքի կա­ռոյցնե­րը զօ­րաց­նել, ան­կասկած ի տես 33 տա­րինե­րու օգ­նութեան ապար­դիւնու­թեան, կա­շա­ռա­­կե­րու­­թեան, թա­լանին։ Այս է նաեւ կար­ծի­քը Հա­յաս­տա­նի կարգ մը պե­տական դէմքե­րու, որոնց հա­մար բա­րեսի­րու­թեան ժա­մանա­կը ան­ցած է, կայ անհրա­ժեշ­տութիւն տնտե­սական ներդրումներ կա­տարե­լու, դրամ շա­հելու։ Առանց պե­տու­թեան հե­տ կա­պը բո­լորո­վին խզե­լու, անհրա­ժեշտ է եր­կու ճա­կատի վրայ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն՝ Հայաստանի պե­տու­թիւնը դարձնե­լ օրէնքի պետութիւն եւ Սփիւռքի կառոյցները՝ հզօր, որուն մէջ սփիւռքահայ մամուլը ունի իր ուրոյն դերակատարութիւնը։

Ժ.Չ. ■