Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – «Գորշ գայլեր»-ու նշանը ցուցադրած ֆութպոլիստին արձանը բարձրացուցած են

Իսկապէս տարօրինակ երկիր մըն է Թուրքիան։ Կրօնամէտ ու արդէն երկար ժամանակէ ի վեր ալ խիստ ազգայնական իշխանութիւններու գլխաւոր ընդդիմադիր «Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն»-ը (CHP), որ կը փորձէ ինքզինք ցոյց տալ շատ աւելի ժողովրդավար, արդիասէր, խաղաղասէր ու մասամբ նորին, ըստ երեւոյթին ազգայնամոլութեան ջիղէն չի յաջողիր ձերբազատիլ։

Այսպէս, Պոլուի CHP-ական քաղաքապետ Թանժու Էօզճան բարձրացուցած է Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խաղացող Մելիհ Տեմիրալի արձանը։ Վերջինս յարուցած գայթակղութեամբ Եւրօ-24-ին իր «դրոշմը կնքած» էր, Աւստրիոյ դէմ մրցումին՝ դաշտին վրայ «գորշ գայլեր«-ու նշանը ցուցադրելէ, այդ պատճառով ալ երկու մրցում կախակայուելէ եւ մեծ աղմուկի պատճառ դառնալէ ետք։ Բնականաբար, արձանը կը ցոլացնէ այդ շարժումն ալ, քանի որ շարժառիթը այդ իսկ է։

Պոլուի քաղաքապետը ՝ արձանին առջեւ

Ըստ երեւոյթին, քաղաքապետ Էօզճան այն ատեն խոստացած է բարձրացնել այս արձանը եւ ներկայիս ալ կ՚իրագործէ իր խոստումը։ Այս առիթով ան յայտարարած է. “Գորշ գայլի խորհրդանիշը թրքական աշխարհի խորհրդանիշն է։ Ես չեմ կրնար ընդունիլ, որ որեւէ կուսակցութիւն իւրացնէ զայն եւ փորձէ տիրանալ անոր”։

Արձանին հանդիսաւոր բացումը կատարուած է Հոկտեմբեր 4-ին։ 

***

Հետաքրքրական երեւոյթ մը եւ երկու խօսք ալ քաղաքականութեան մասին։ 

Լրասփիւռը ուրկէ քաղեցինք վերոնշեալ լուրը, ծայրայեղ ազգայնամոլ, իշխանամէտ En Son Haber-ն է։ Իր այս «գունաւորում»-ով, առցանց այս թերթը սկզբունքով պէտք է աւելի քան ողջունէր նման նախաձեռնութիւն։ Բայց եկէք տեսէք որ այդպէս չէ։ Ըստ երեւոյթին կա՛յ բան մը, որ աւելի ծանր կը կշռէ քան նոյնիսկ ազգայնամոլութիւնը, որ քաղաքականութիւն կը կոչուի։ 

Արդարեւ, նշեալ թերթը խստօրէն կը քննադատէ քաղաքապետը եւ զայն կը մեղադրէ՝ «այլ բան չի գիտեր, քան՝ արձան կանգնեցնել»։ Հետեւաբար, բաւարար է, որ պաշտպանուած տուեալ «ազգային արժէք» մը (անշո՛ւշտ՝ թրքական ակնոցով) բարձրացուի ընդդիմադիր գործիչի մը կողմէ՝ քննադատելի դառնալու համար…։ Բայց, այս երեւոյթը միայն Թուրքիոյ վերագրելը՝ մեր կարծիքով այնքան ալ ճիշդ ու արդար պիտի չըլլար։  

Պեշիքթաշի համակիրներու մուտքը արգիլուած է Օլեմփիք Լիոնէի մարզադաշտը

Եւ քանի որ նիւթը ֆութպոլի ու թուրքերուն մասին է՝ աւելցնենք, որ «Եւրոպա լիկա»-յի մրցումներուն ի հաշիւ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24-ին Օլեմփիք Լիոնէի (ՕԼ) Տէսինի մարզադաշտին վրայ՝ վերջինիս Պոլսոյ Պեշիքթաշ ակումբին հետ կայանալիք մրցումին՝ թուրք համակիրներու մուտքը խստօրէն արգիլուած է։ Ռոնի նահանգապետը որոշած է պաշտօնապէս ո՛չ մէկ տոմս վաճառել թրքական խումբին եւ վաճառքը բացառաբար կազմակերպել ՕԼ-ի համակիրներու շրջանակին մէջ։ Նահանգապետը նաեւ արգիլած է մրցումին նախորդող Չորեքշաբթիէն մինչեւ յաջորդող Ուրբաթ թրքական ակումբի ցուցական որեւէ արարք, օդակայանէն, երկաթուղիի կայանէն մինչեւ քաղաքի հրապարակները, կառուղիները…։

Այս խիստ նախազգուշութիւններուն պատճառը երկու ակումբներուն միջեւ 2017 Ապրիլ 13-ին տեղի ունեցած նախորդ մրցումին պատահած ծանրակշիռ դէպքերն են, որոնց յիշատակը,– բնականաբար բացասական առումով,– «ցնցիչ» եղած է։