Search
Close this search box.

ՄՈՍԿՈՒԱ – Նախագահ Փութին առանձին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետին եւ Ազերպայճանի նախագահին հետ

Հոկտեմբեր 7-ին, վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան Մոս­կուա այ­ցե­լած է՝ մաս­նակցե­լու ԱՊՀ-ի պե­տու­թիւննե­րու ղե­կավար­նե­րու խոր­հուրդի նիս­տին։

Յա­ջորդ օրը, Քրեմ­լի­նի մէջ Ռու­սաստա­նի նա­խագա­հը առան­ձին հան­դի­պումներ ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի ղե­կավար­նե­րուն հետ։

Փա­շինեանի հետ գլուխ-գլխի հան­դի­պու­մէն ետք, կա­յացած է եր­կու եր­կիրնե­րու ընդլայ­նուած կազ­մով նիս­տը։ Նա­խագահ Փու­թին նշած է, թէ առեւտրատնտե­սական երկկողմ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը զար­գա­նան բա­ւական յա­ջող եւ ար­դիւնա­ւէտ։ “Նա­խորդ տա­րի առեւտրա­կան շրջա­նառու­թիւնը հա­սած է 7,4 մի­լիառ տո­լարի, իսկ այս տա­րուան առա­ջին կի­սամեակին 2,5 ան­գամ աճ ար­ձա­նագ­րուած է՝ հաս­նե­լով 8,2 մի­լիառ տո­լարի։ Եթէ նոյն եղա­նակով շա­րու­նա­կենք, ապա կրնանք 14-16 մի­լիառ տո­լարի մրցա­նիշ ար­ձա­նագ­րել”,– ըսած է Ռուսաստանի նախագահը։ 

Իր կար­գին Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը յայտնած է, թէ վեր­ջին ամիս­նե­րուն տեղի ունեցած է հայ-ռուսական բա­ւական աշ­խուժ քա­ղաքա­կան երկխօ­սու­թիւն, ակ­նարկե­լով փոխ­վարչա­պետ Օվեր­չուքի Երե­ւան այ­ցե­լու­թեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջկա­ռավա­րական նիս­տը Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պե­լու երե­ւոյ­թին։

Աւար­տին, Փու­թին Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը հրա­ւիրած է Կա­զանի մէջ կա­յանա­լիք BRICS-ի վե­հաժո­ղովին։

Նշենք, թէ Փա­շինեան նա­խապէս հաս­տա­տած էր սոյն ժո­ղովին իր մաս­նակցու­թիւնը, ուր հա­ւանա­բար ներ­կայ պի­տի ըլ­լան նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազեր­պայճա­նի ղե­կավար­նե­րը։

Նոյն օրը, Փու­թին տե­սակ­ցած է նաեւ Իլ­համ Ալիեւի հետ։ Վեր­ջինս ընդգծած է, թէ ռուս-ազեր­պայճա­նական յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ զգա­լի յա­ռաջըն­թաց ար­ձա­նագ­րուած է Վլա­տիմիր Փու­թի­նի Պա­քու կա­տարած այ­ցե­լու­թե­նէն ետք։

Ալիեւ եւ Փաշինեան՝ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հաւանական թուականի մասին

Հոկտեմբեր 8-ին, Մոսկուայի մէջ լրագրողի մը հարցումին, թէ՝ «ե՞րբ կը ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիրը», Ազերպայճանի նախա­գա­հը պատասխանած է. “Երբ բնագրին ամբողջը համաձայնութեան արժա­նա­նայ”։

Իսկ թէ «ե՞րբ համաձայնութեան կ՚արժանանայ, այս տարի կարելի՞ է», Ալիեւ ուսերը թօթուած է:

Նոյն հար­ցումին ի պա­տաս­խան Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը ըսած է. “Ես կը կար­ծեմ՝ հա­մաձայ­նութեան ար­ժա­նացած բա­ւարար բո­վան­դա­կու­թիւն կայ, որ ստո­րագ­րենք այս վայրկեանին իսկ”։