Search
Close this search box.

ՍՊԱՆԻԱ – Հայաստանի զբօսաշրջութեան բնագաւառի ներկայացուցիչներուն այցը՝ Պարսելոնա եւ Մատրիտ

Հայաստանի Զբօսաշրջութեան յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ հայաստանեան զբօսաշրջութեան ընկերութիւններու մասնակցութեամբ 2024 Հոկտեմբեր 1-2 տեղի ունեցած է Հայաստանը ներկայացնող առաջին փոխադարձ ճանաչողական այցը (Roadshow)՝ Սպանիոյ Պարսելոնա եւ Մատրիտ քաղաքները։

Այցելութեան ընթացքին սպանացի զբօսաշրջային գործակալութիւններն ու այցեր կազմակերպող հաստատութիւնները բացայայտած են Հայաստանը, իբրեւ գրաւիչ զբօսաշրջային ուղղութիւն՝ իր նոր ու հետաքրքրական առաջարկներով։

Այցի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած են նաեւ երկու կողմերու միջեւ գործակցութեան կարելիութիւններու նուիրուած հանդիպումներ, որոնց արդիւնքը դրական եղած է։