Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Արման Թաթոյեանի, Արտակ Բեգլարեանի եւ Գառնիկ Քերքոնեանի հանդիպումները՝ Ֆրանսայի ծերակուտականներուն հետ

Հոկտեմբեր 8-ին, իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան, Արցախի Մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան եւ միջազգային հարցերու իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան, ուղեկցութեամբ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անահիտ Յակոբեանի, Ծերակոյտին մէջ տեսակցութիւն ունեցած են Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազի եւ ծերակուտական Վալերի Պուայէի հետ։

Հայկական պատուիրակութիւնը ֆրանսացի դիւանագէտներուն ներկայացուցած է ազերպայճանական յանցանքներու ապացոյցները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, յատկապէս քննարկելով հետեւեալ հարցերը.

1. Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման եւ Հայրենիք վերադարձի հրամայականը` շեշտելով, որ անոնք կ՚ենթարկուին խոշտանգումներու եւ կը գտնուին ամէնօրեայ սպառնալիքներու ենթակայ:

2. Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ ազերպայճանական ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, ներառեալ` շրջափակումը, բռնի տեղահանումը եւ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման փաստերը:

3. Արցախի բնիկ ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին առնչուող գործիքակազմերու հարցերը՝ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումին համապատասխան:

4. 2020 թուականէն ի վեր Հայաստանի՝ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Վայոց ձորի մարզերու տարածքներու ազերպայճանական բռնագրաւման փաստերը:
Ապացոյցներով ներկայացուած են ժողովուրդի նկատմամբ ազերպայճանական ամէնօրեայ յանցանքները (ունեզրկումներ, եկամուտ վաստակելու անկարելիութիւն, խմելու ջուրէն զրկելու փաստեր, կենդանական եւ բուսական աշխարհի զանգուածային ոչնչացում եւ այլն):

5. Հայ ժողովուրդի դէմ ազերպայճանական ցեղապաշտութեան, մարդատեացութեան եւ թշնամանքի շարունակուող քաղաքականութիւնը` Ազերպայճանի բարձրագոյն իշխանութեան հովանաւուրութեամբ:

6. Վերնշեալ եւ մնացեալ բոլոր յանցանքներու համար Ազերպայճանի իշխանութիւնները պատասխանատւութեան ենթարկելու արդիւնաւէտ միջոցներ կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի նպաստէ նաեւ կանխելու Պաքուի հետագայ յանցանքները:

Աւարտին, հայկական պատուիրակութիւնը երախտագիտութիւն յայտնած է Ֆրանսայի երեսփոխաններուն եւ ծերակուտականներուն իրենց յարատեւ աջակցութեան համար:

***

Նշենք, թէ յաջորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 9-ին, Արման Թաթոյեան, Արտակ Բեգլարեան եւ Գառնիկ Քերքոնեան հանդիպում ունեցած են Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ) երեսփոխաններուն հետ։

ԵԽ-ի օրէնսդիրներուն հետ ալ քննարկուած են Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու նկատմամբ Ազերպայճանի յանցագործութիւններու կապակցութեամբ այդ երկրի դէմ պատիժներ կիրարկելու, արցախահայերու իրենց հայրենիք վերադարձի եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու հայրենադարձման առնչուող հարցեր:

Հայկական պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցած է նաեւ Հօ-տը-Ֆրանսի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Զաւիէ Պերթրանի հետ։