Search
Close this search box.

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ – «Envoy Excellency» ամսագիրը հրատարակած է Հայաստանին նուիրուած յատուկ թիւ մը

 

Հնդկական «Envoy Excellency» հեղինակաւոր ամսագիրը հրատարակած է  Հայաստանին նուիրուած յատուկ թիւ մը:

Ամսագրին մէջ ներառուած են Հայաստանի պատմութեան, մշակութային ժառանգութեան, տեսարժան վայրերու, խոհանոցի, ներդրումային միջավայրի մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ։

Հրատարակութիւնը յատուկ էջ մը նուիրած է Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին։

Իսկ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեանի հարցազրոյցին մէջ արծարծուած են հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։