Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով տեղեկացուցած է, թէ մայրաքաղաքի 2806-ամեակին ընդառաջ Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ Հոկտեմբեր 11-ին տեղադրուած է Գըրգ Գրիգորեանի յուշակոթողը։ «Վերականգնեցինք նաեւ Հայ բարերարներու կերպարը խորհրդանշող քանդակը եւ Միքայէլ Արամեանցի, Ալեք Մանուկեանի, Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Ալեքսանտր Մանթաշեանի, Պօղոս Նուպարի եւ Յովհաննէս Լազարեանի յուշակոթողները։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ յուշակոթողի հեղինակ, անուանի ճարտարապետ Ֆերտինանտ Առաքելեանի ընտանիքի անդամներուն՝ տիկին Յասմիկին եւ Գոռին, նշեալ աշխատանքներու իրագործման ընթացքին իրենց աջակցութեան համար»,– գրած է քաղաքապետը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։